«Հրթիռարձակումը Չի Կրնար Փոփոխութեան Ենթարկել Ազատ Խօսքի Շրջագիծին Մէջ Արտայայտուած Ազգային Սկզբունքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ նախանցեալ գիշեր կատարուած հրթիռարձակումը եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց աշխուժացնել իրենց հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերն ու յանցագործները:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ հրթիռային պատգամները եւ զանոնք ուղարկող կողմերը, ինչ նպատակ որ ալ հետապնդեն, չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկել լիբանանեան ազգային սկզբունքները, որոնք ազատ խօսքի շրջագիծին մէջ արտայայտուած են:

«Արձակուած հրթիռները չեն կրնար փոխել Լիբանանի գերագոյն շահերուն նկատմամբ հաւատքն ու համոզումը, երկիրը շրջակայ տագնապներուն հետեւանքներէն պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու, լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու պատրաստակամութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց լիբանանցիներուն զգաստ ըլլալու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք պէտք է գիտակցին տուժողներուն կողմէ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը վտանգի ենթարկելու քայլերուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալիլ Քարամի հետ քննարկեց Լիբանանի կողմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին թեկնածութիւնը առաջադրելու եւ այդ թեկնածութեան նկատմամբ լիբանանեան իշխանութիւններուն ցուցաբերելիք զօրակցութեան հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )