Հայ Երիտասարդներ Հայրենաճանաչողական Այցելութիւն Կու Տան Արեւմտեան Հայաստան

Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն 21 երիտասարդներ ուխտագնացութեան մեկնեցան Արեւմտեան Հայաստան:

ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի ու «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այցելութեան ընթացքին, անոնք գտնուեցան Տերսիմ, Էրզրում, Համշէն եւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան նշեց, որ այս ծրագիրը մէկ բառով կարելի է կոչել հայրենաճանաչողական:

«Պէտք է հասկնալ, որ Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնը բնութիւնը, եկեղեցիները տեսնելը չէ, այլ մտերմանալը Ցեղասպանութենէն ետք հայկական այդ հողերուն մէջ այսօր ապրող հայերուն հետ, որոնք կրցած են գոյատեւել այդ պայմաններուն մէջ», նշեց Սարգիս Մկրտչեան:

Ուխտագնացութենէն տպաւորուած են նաեւ երիտասարդները: Ըստ անոնց, պատմական Հայաստանի մասին գիրքերուն մէջ կարդացած եւ ծնողներէն լսած պատմութիւնները էականօրէն տարբեր են իրականութենէն:

 

Share this Article
CATEGORIES