Ակնարկ. Թրքական Պատրանքներու Չքացումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 1 օգոստոսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց Հայաստան ներթափանցել փորձած «անմեղ» թուրքի մը «հայ» սահմանապահ զինուորներու կողմէ սպանութիւնը` իր քաղաքացիին արարքը նկատելով «անմեղօրէն կատարուած սահմանի սովորական խախտում մը» եւ հայկական կողմի սահմանապահ ուժերը ամբաստանելով «անհամաչափ ուժի» օգտագործման յանցանքով: Սակայն սահմանապահներուն մօտիկ աղբիւրներ «Երկիր Մետիա»-ին յայտնեցին, որ 31  յուլիսի գիշերուան շուրջ ժամը 3:00-ին Թուրքիոյ երկու քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը 15 տարեկան, ոչխար գողնալու նպատակով ուզած են հատել Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: Սահմանապահը նախ զգուշացուցած է զանոնք եւ խորհուրդ տուած լքել տարածքը, սակայն թուրք երիտասարդներէն ծաղրական պատասխան ստացած է, ապա ան երկու անգամ օդը կրակած է, որմէ ետք 35-ամեայ Մուսթաֆա Իւլքեր երկու անգամ կրակ բացած է սահմանապահին ուղղութեամբ: Վերջինս հակադարձելով սպաննած է զինեալը, որուն գործընկերը փախուստի դիմած է, իսկ թուրք սահմանապահները միայն առաւօտեան գտած են զինք:

Թրքական լրատուամիջոցները, ապա նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սահմանախախտ թուրքը թիրախ դարձուցած կրակոցը վերագրեցին հայ զինուորի մը: Եթէ թրքական լրատուամիջոցներուն պնդումը շուտիկութեան կամ անտեղեակութեան արդիւնք էր, նոյնը կարելի չէ ըսել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համար, որ քաջ գիտէ, թէ 30 սեպտեմբեր 1992-ին կնքուած հայ-ռուսական միջպետական համաձայնագիրին հիմամբ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմաններուն կը հսկեն Ռուսիոյ սահմանապահ ուժերը: Աւելի՛ն, Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան սահմանապահներու բաժանմունքի բանբեր Սերկէյ Կրեչքին յայտարարեց, որ դէպքը պատահած է ռուս սահմանապահներու հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան վերջին պարբերութիւնը կու գայ բացայայտելու թրքական կողմի «թիւրիմացութեան» դրդապատճառը: Նշեալ պարբերութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «այս եւ նմանօրինակ այլ դէպքեր անգամ մը եւս կը շեշտեն, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ շարունակական ու ընդգրկուն բնականոնացման եւ Հայաստանի կողմէ դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու մէջ ողջմտութիւն դրսեւորելու կարիք կայ»: Այլ խօսքով` թրքական կողմը իրողութիւնները նենգափոխելէ ետք, դէպքը կը շահագործէ Հայաստանի ընդհանուր դատախազի` Թուրքիայէն հողային պահանջներու վերաբերեալ վերջերս կատարած յայտարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցերով Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

Թրքական իշխանութիւնները գիտեն, որ եթէ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծէ եւ Թուրքիայէն հողային պահանջներէն հրաժարի, այսպիսի դէպքի մը կրկնութեան հաւանականութիւնը բացառող որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի` նկատի ունենալով, որ իրենց իսկ պնդումով` ատիկա «սովորական» դէպք մըն է: Աւելի՛ն, այդպիսի «սովորական» միջադէպերը կարելի չէ Հայ դատի հետ նոյն նժարին վրայ դնել: Սակայն կարելի է հարց տալ. ո՞ւր էին թուրք սահմանապահ զինուորները: Այստեղ եթէ բացթողում մը կայ, ապա ատիկա անոնց կողմէ գործուած է, եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տողատակի այդ կը մատնանշէր, երբ թրքական կողմին իր յղած նամակին մէջ յոյս կը յայտնէր, որ նման դէպքեր ապագային չեն կրկնուիր: Երբ փակ սահմանի մը վրայ կրակոց կ՛ըլլայ, սակայն թուրք զինուորներու բացակայութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստանի սահմանը անցնելու գիշերուան ժամը 3:00-ին տեղի ունեցած փորձին մեղսակիցը հազիւ յաջորդ առաւօտեան կը յայտնաբերուի, ատիկա թուրք  սահմանապահներու կողմէ լուրջ բացթողում մը կը նկատուի, ինչ որ այն կասկածը կ՛արթնցնէ, թէ այդ բացթողումը արդիւնք է «գործողութիւնը» չխանգարելու հրամանի մը, որպէսզի գրգռութիւնը իր աւարտին հասնի եւ թրքական կողմը պատկերացում մը ունենայ հակառակորդ կողմին վերաբերեալ:

Սահմանախախտ թուրքին կրակոցին հակազդած  զինուորը ճիշդ վարուած է: Որեւէ երկրի սահմանապահ զինուոր նոյնպէս պիտի հակազդէր, մանաւանդ որ այս պարագային բռնի ուժով սահմանախախտումի փորձը կը կատարուի Հայաստանը շրջափակելու թշնամական արարքին դիմած երկրի մը սահմանէն: Հայաստանի սահմանէն կատարուած պատասխան կրակոցը չքացուց թրքական պատրանքները. եթէ թրքական կողմը կը սպասէր, որ Հայաստանի սահմանապահները թրքական կողմէն քանի մը փամփուշտի արձակումէն ետք փախուստի պիտի դիմեն` անոնց ակնկալութիւնները մեծապէս սխալ դուրս եկան, իսկ եթէ կը կարծէին, որ ռուս զինուորները Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ զբօսաշրջութիւն կը կատարեն, այժմ հասկցան, թէ անոնք լուրջ գործի վրայ են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )