Քրտական Խմբաւորում Մը Օճալանի Պայմաններուն Բարելաւման Պահանջով Ցոյց Մը Կատարեց

ՔԱԿ-ի համակիր քրտական խմբաւորում մը Վանի մէջ թրքական կառավարութեան դէմ ցոյց մը կատարեց` պահանջելով ՔԱԿ-ի արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի բանտային պայմանները բարելաւել, բժիշկներու անկախ պատուիրակութեան մը կողմէ անոր առողջական վիճակի քննութիւն կատարել, մասնաւորաբար անոր առողջական վիճակի վատթարացման մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններէն ետք:

«Սի.Էն.Էն.թիւրք» հաղորդեց, որ ցուցարարներուն եւ թրքական ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց ընթացքին երեք ոստիկաններ տարբեր վնասուածքներ ստանալով հիւանդանոց փոխադրուած են: Ոստիկանութիւնը բազմաթիւ ցուցարարներ ձերբակալած է:

Թրքական պատկերասփիւռի կայանը նաեւ աւելցուց, որ ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած է ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք իրենց կարգին օգտագործած են քոքթել մոլոթով եւ պայթուցիկներ, որոնց պատճառով ոստիկանական ինքնաշարժ մը կրակ առած է:

Ոստիկանները հետագային յաջողած են կրակը մարել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )