Թեհրանի Մէջ. Նախագահ Սլէյման Մասնակցեցաւ Ռուհանիի Նախագահական Երդման Արարողութեան

Ռուհանիի երդման արարողութեան ներկաները. լուսանկարին մէջ կ՛երեւին նախագահներ Միշել Սլէյման եւ Սերժ Սարգսեան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Թեհրան, ուր մասնակցեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցան հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր:
Կը նախատեսուէր, որ նախագահ Սլէյման Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունենար Իրանի նախագահ Ռուհանիի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:
Նախագահ Սլէյման հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շեշտէ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ «Հայաթ» օրաթերթին, նախագահ Սլէյման կը միտի այցելել նաեւ Սէուտական Արաբիա:
Միւս կողմէ, ներքին լիբանանեան առումով, նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան առումով նորութիւններ չեն արձանագրուած:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ նախագահ Սլէյման կառավարութեան կազմութեան առումով կը գործէ երեք մակարդակներու հիման վրայ.
ա) Առանց նոր կառավարութեան մը կազմութեան նախագահական ընտրութիւններ չկատարել` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը, բ) կազմել քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, գ) լիբանանեան համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան արձանագրելիք ձախողութեան պարագային պէտք է կազմել չէզոք կառավարութիւն մը: