Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմին Մէջ Յաղթանակ Կը Նախատեսէ
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժ Հոմսի Խալիտիյա թաղամասին մէջ Սուրիոյ բանակի զինուորներուն այցելելով յայտնեց, որ բանակն ու սուրիական պետութիւնը յաղթանակ պիտի արձանագրեն աւելի քան 80 երկիրներու աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչութեան դէմ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ ահաբեկչութեան քաղաքականութեամբ կարելի չէ յաղթել, այլ միայն երկաթեայ բռունցքով:
«Բոլոր խնդիրները, որոնց այսօր կը բախինք, կապուած են անվտանգութեան հարցերու, եւ զանոնք լուծել կարելի պիտի ըլլայ միայն ահաբեկչութեան յաղթելով: Այդ պատճառով ալ, եթէ մենք պատերազմի մէջ յաղթենք, Սուրիան քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի կարենայ յաղթահարել ճգնաժամը», ըսած էր ան:
Ասատ նշած էր, որ բանակը մարտի դաշտին մէջ անհաւանական յաջողութիւններու հասած է, եւ ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց օտարերկրեայ հովանաւորները էական վնասներ կրած են: