Լէով. «Միայն Տորթմունտ Կրնայ Կեցնել Պայերնը»

Եոաքիմ Լէով

Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եոաքիմ Լէով կարծիք յայտնեց, որ այս տարի Պայերն Միւնիխ պիտի ունենայ միայն մէկ մրցակից «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսին համար:

Լէով ըսաւ, որ միայն Տորթմունտ կարողութիւնը ունի պայքարելու Պայերնի դէմ` տիտղոսին տիրանալու համար: Ան աւելցուց, որ Շալքէն եւ Պայեր Լեվերքուզընը եւս լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեն, բայց կարելիութիւնը չունին տիտղոսին տիրանալու:

Լէով նաեւ խօսեցաւ Կուարտիոլայի մասին` ըսելով, թէ ան շատ լաւ մարզիչ մըն է եւ իր յատուկ խաղաոճը պիտի փոխանցէ Պայերնի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )