Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի,  6 օգոստոս 2013-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հետ:

Դեսպան Քոչարեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնը` շնորհաւորելով նաեւ ՀՄԸՄ Լիբանանի արձանագրած յաջողութիւնները համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն ընթացքին, որոնք վերջերս տեղի ունեցան Երեւանի մէջ: Դեսպանը փափաք յայտնեց, որ ՀՄԸՄ իր մասնակցութիւնը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի կազմակերպած Ռաֆայէլ Վահանեանի նուիրուած ճատրակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 24-էն 30 սեպտեմբեր 2013-ին` «Տիգրան Պետրոսեան-80» ճատրակի ակումբին մէջ, Երեւան:

Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց դեսպան Քոչարեանին, որ իր կարգին յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

6 օգոստոս, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES