«Ամազոն» Կայքէջի Տնօրէնը Պիտի Դառնայ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Սեփականատէր
Ամերիկեան «Ամազոն» համացանցային առուծախի կայքէջի հիմնադիր եւ ղեկավար Ճեֆ Պեզոս պիտի դառնայ ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի նոր սեփականատէրը:
Gazeta.ru կայքէջը` յղում կատարելով օրաթերթի կայքէջին, կը հաղորդէ, որ գործարքին արժէքը կը կազմէ 250 միլիոն տոլար: Անիկա հաւանաբար եզրափակուի 60 օրուան ընթացքին:
«Ամազոն» ընկերութիւնը որեւէ կապ չունի այս գործարքին հետ: Պեզոս թերթը գնած է անձնական նախաձեռնութեամբ:
CATEGORIES Միջազգային

