Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրի յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ տակաւին յստակ չէ, թէ Լիբանանի մէջ ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի կազմուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ չէզոք կառավարութիւնը տրամաբանական լուծումն է` երկրին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին: Միւս կողմէ, Սինիորա երէկ կէսօրին հրաժեշտի այցելութեամբ մը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նշեց, որ Ահմետ Ասիր պէտք է ձերբակալուի եւ դատավարութեան ենթարկուի: Ան ըսաւ, որ իրենք ստացած են տեղեկութիւններ, թէ Տարայայի դէպքին առնչութեամբ հարցաքննուող եգիպտացի շէյխ Ահմետ Տախախինի Ասիրի հետ կապ ունեցած է` աւելցնելով սակայն, որ պայման չէ, որ իրենց ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները ճիշդ դուրս գան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի Սաատը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ չէզոք կառավարութիւնը միագոյն կառավարութեան համազօր է` աւելցնելով, որ նման կառավարութիւն մը մերժելի է:
ՖԱՏԸԼ Շաքեր տակաւին կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին Թաուարէ կոչուած շրջանին մէջ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Տարայայի մէջ բացայայտուած ականներուն հիմնական նպատակը եղած է սպանութեան թիրախ դարձնել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, անցեալ հինգշաբթի գիշեր Պաապտա հրթիռարձակումի թիրախ դառնալէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման գիշերած է Ամշիթի իր բնակարանին մէջ:
ԱՀՄԵՏ Ասիրի ձայնագրութեան սպրդեցումէն ետք, Այն Հելուէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաղեստինեան ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ամրապնդելու գաղթակայանին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու գաղթակայանին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու ամէն տեսակի փորձ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ուատի Խալետի մէջ կան զէնքի, զինամթերքի եւ ականներու արտադրութեան գործարաններ, որոնք կը պատկանին Սուրիական ազատ բանակին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Թեհրանի մէջ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտած է, որ Լիբանան բոլոր երկիրներուն զօրակցութեան կարիքը ունի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց Լիբանանը շրջանային որեւէ տագնապէ չէզոք պահելու անհրաժեշտութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայէն պիտի չհեռանայ` առանց երկիրը կառավարութեան մը յանձնելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Ֆիթրի տօնէն ետք նախագահ Սլէյման Սէուտական Արաբիա մեկնի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Տարայայի դէպքը սովորական հակազդեցութիւն մըն է սուրիական տագնապին Հըզպալլայի միջամտութեան դէմ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ 8+8+8 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութեան կազմը ոչ ոքի կ՛արտօնէ արգելակելու կառավարութեան որոշումները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան իշխանութիւնները Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն դէմ գաղտնի եւ խիստ միջոցառումներ սկսած են որդեգրել:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյման անձնապէս նաեւ չի փափաքիր այդ մէկը: Ֆարես աւելցուց, որ բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով նախագահին վարուելակերպը քաջալերական չէր:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլացի ղեկավարներ մտահոգ են Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ որեւէ ատեն գործուելիք յարձակումէ մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ քնացած ահաբեկչական բջիջներէ, որոնք կրնան արթննալ եւ տարբեր շրջաններու մէջ բախումներու դուռ բանալ:
«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պիր Ապըտի պայթումին գծով Դիմադրութիւնը ձերբակալած է երկու պաղեստինցիներ եւ սուրիացի մը: Իսկ անցեալ մայիսին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Շայյահ շրջանը թիրախ դարձուցած ռումբերը արձակող յանցագործները լիբանանեան աշխուժ եւ ծանօթ կուսակցութեան մը անդամներն են, որոնք առանց կուսակցութեան հաւանութեան գործած են այդ արարքը: