Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Լուռ Պիտի Չմնայ Իր Դէմ Գործուող Ոտնձգութիւններուն Դիմաց»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բարձրաստիճան սպաներու հետ, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը լուռ պիտի չմնայ իր դէմ գործուող ոտնձգութիւններուն դիմաց:

Ան հաստատեց, որ բանակը կրցած է բացայայտել ահաբեկչական շարք մը ցանցեր, սակայն տակաւին կը գտնուին ուրիշներ, որոնք գաղտնօրէն կը գործեն:

«Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` բացայայտելու համար այդ ցանցերը», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթները պիտի վկայեն ներքին բանակային իմաստով կատարուելիք աշխուժ եւ հսկայ աշխատանք մը:

«Բանակի հրամանատարութիւնը խիստ պիտի գտնուի քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ զինուորականներուն յարաբերութեան առումով, իսկ բանակը միայն կ՛ենթարկուի իր հրամանատարութեան», շեշտեց զօր. Քահուաժի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )