Երեւանի Քաղաքապետը Պիտի Չկատարէ Ցուցարարներուն Պահանջը
Երէկ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յայտարարեց, թէ չի պատրաստուիր կատարելու քաղաքապետարանի շէնքին մօտ 12 օրերէ ի վեր կատարուող նստացոյցին մասնակիցներուն պահանջները:
Նշենք, որ «Չենք վճարի 150 դրամ» նախաձեռնութեան մասնակիցները յայտարարած են, որ նստացոյցը պիտի շարունակեն` ընդհուպ մինչեւ հացադուլ յայտարարելը, քանի տակաւին պաշտօնանկ չեն եղած քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետը եւ «Երեւանթրանս» ընկերութեան տնօրէնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յայտնեց, որ չի պատրաստուիր «3-4 հոգիի» ցանկութիւնները կատարելու, քանի որ «ժողովուրդը կողմնակից չէ հրաժարականներուն»: Քաղաքապետը ընդգծեց, որ պաշտօնեաները բնական ձեւով կը կատարեն իրենց աշխատանքները, եւ միայն լաւ չկատարելու պարագային ինք վերատեսութեան կ՛ենթարկէ անոնց աշխատանքը:
Քաղաքապետը ուղեվարձի բարձրացման մասին իր որոշումին կասեցումը պայմանաւորեց ոչ թէ 150 դրամի դէմ բարձրացած բողոքի ալիքով, այլ ընկերային գետնի վրայ խոցելի խումբերու խնդիրներով մտահոգ ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է ուղեվարձին վերաբերող որոշման կասեցումը, քաղաքապետը յայտնեց, որ հիմնականին մէջ իր շփումներով թէ՛ ուսանողներուն, թէ՛ այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք այդ հարցը կը բարձրացնէին` ընկերային հարցին հետ կապուած, որ պէտք է արտօնութիւններ տալ: Հետեւաբար ինքն ալ համաձայնութիւն տուաւ:
Քաղաքապետը չբացառեց, որ հասարակական փոխադրամիջոցներու սակագինը կրնայ նորէն 150 դրամ դառնալ:
Քաղաքապետը առաջարկեց Երեւանի մէջ փոխադրամիջոցներու հարցերը քննարկելու համար ստեղծել յանձնախումբ մը, թէեւ ամբողջ վարչութիւն մը քաղաքապետարանին մէջ այդ հարցով կը զբաղի: Կ՛ենթադրուի, որ այդ յանձնախումբի հիմնական գործը փոխադրամիջոցներու ուղեվարձի թանկացման հիմնաւորումը պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ աւելի կանուխ քաղաքապետը յայտարարած էր, որ անկարելի է 100 դրամ սակագինով ապահովել քաղաքակիրթ փոխադրամիջոցներու համակարգ: «Եթէ մենք կ՛ուզենք բնական փոխադրամիջոցներ ունենալ, անպայման պէտք է քննարկենք այդ հարցը: Եթէ չենք ուզեր ունենալ բնական փոխադրամիջոցներ եւ ընդհանրապէս փոխադրամիջոցներ, ուրեմն ինչ վիճակ կայ, պէտք է ատիկա ալ մնայ», նշեց Տարօն Մարգարեան:


