Ճատրակի Պատանիներու Աշխարհի Ախոյեանութիւն
12-27 սեպտեմբեր երկարող երկու շաբթուան ընթացքին, Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20 տարեկանէն վար ճատրակի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան, Հայաստան կը ներկայանայ երեք մասնակիցներով` կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, միջազգային վարպետ Վահէ Բաղդասարեան եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Մարիա Գէորգեան:
Նշենք, որ խաղացողները կը խաղան ընդամէնը 13 հանգրուան, եւ 20 սեպտեմբերը որոշուած է իբրեւ հանգիստի օր` բոլոր մարզիկներուն համար:
CATEGORIES Մարզական

