ԼՕԽ. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Պտոյտը
Հինգշաբթի, 18 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին անդամները եւ համակիրներ ուղղուեցան Քաֆար Տուպիան գիւղը, որ կը գտնուի Քեսրուանի բարձունքներուն` Պէյրութէն 44 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ կը նկատուի զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը:
Առաջին առիթով պտոյտին մասնակիցները այցելեցին Ժայիթայի «Սուրբ Էլի» վանքը, որուն մատրան մէջ աղօթքով ու մոմավառուութեամբ ապրեցան խորհրդածութեան պահեր, ապա նախաճաշի եւ սուրճի հանգիստը առին «Ֆաքրա» բերդին դիմաց գտնուող «Նեսիմ» ճաշարանին պարտէզին մէջ:
Երկրորդ հանգրուանով այցելեցին Քանաթ Պաքիշի «Սուրբ Ժոզեֆ» մատուռը, ուր կը գտնուի 80 մեթր բարձրութեամբ «պողպատէ խաչ» մը` լուսաւորուած 1800 լամբերով. Խաչվերացի տօնին ուխտաւորներ կ՛այցելեն այս վայրը` իբրեւ սրբավայր:
Կէսօրուան դադարին համախմբուեցան «Քասր Շարք» ճաշարանին մէջ շքեղօրէն զարդարուած սեղաններուն շուրջ ու ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ:
Վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնը` շեշտը դնելով անդամարշաւի աշխատանքին վրայ:
Պտոյտը բովանդակալից էր իր յայտագիրի բազմազանութեամբ, վարչական անդամները պատրաստած էին հարցաթերթիկ մը` գծուած ԼՕԽ-ի նշանակով. ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան հարցումներուն, ոմանք արժանացան նուէրներու:
Մթնոլորտը խանդավառուեցաւ ընկերուհիի մը ասմունքով. ան արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին:
Բոլորը ուրախ էին, հաճելի եւ օգտաշատ պտոյտը վերջ գտաւ բարեմաղթութիւններով ու գնահատական խօսքերով:

