«Բարեւ Երեւան» Խմբակցութիւնը Կը Վիճարկէ Երեւանի Քաղաքապետին Որոշումները
Երեւանի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» խմբակցութիւնը երէկ դիմեց Վարչական դատարան` վիճարկելով հասարակական փոխադրամիջոցներու սակագինի բարձրացման մասին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի որոշումներու օրինականութիւնը:
Աւագանիի անդամ Ստեփան Սաֆարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին պնդեց, որ սակագինի բարձրացման առնչուող որոշումները տալու ընթացքին քաղաքապետը բազմաթիւ սխալներու առիթ տուած է: «Անոնք ոչ միայն գործող օրէնքներուն, այլ նաեւ անոնց կիրարկումին ու մեկնաբանութեան կը վերաբերին: Կը կարծեմ, որ Վարչական դատարանին համար այնքան ալ դիւրին չէ շրջանցել այդքան ակնառու խախտումները: Սկիզբէն քաղաքապետին կողմէ ստորագրուած երկու որոշումներն ալ ոչ իրաւաչափ եղած էին»:
«Բարեւ Երեւան» խմբակցութեան ղեկավար Անահիտ Բախշեան աւելցուց, որ վիճարկուող որոշումներուն մէջ նշուած է 48 երթուղիներ սպասարկող կազմակերպութիւններու մասին, իսկ քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ նշուած է, որ Երեւանի մէջ փաստացի առկայ են 42 օթոպիւսի երթուղիներ եւ 95 փոքր օթոպիւսի երթուղիներ: Այսինքն` քաղաքապետը իր որոշումը տարածած է նաեւ այն երթուղիներուն վրայ, որոնց սպասարկող կազմակերպութիւնները այսպիսի առաջարկով հանդէս չեն եկած»:
Աւագանի ընդդիմադիր խմբակցութիւնը մեծ ակնկալիք չունի Վարչական դատարանէն, սակայն Անահիտ Բախշեան յայտնեց, որ կայ այլ ատեան մը` Սահմանադրական դատարանը: Եթէ հոն հասնի գործը, ապա հարցին մէջ կան նաեւ սահմանադրութեան խախտման մասին փաստեր: «Ատիկա նաեւ լուրջ հիմք է, որ ի վերջոյ երկիրը իրաւական դառնայ», ընդգծեց Բախշեան: