Սուրիահայերուն Ու Լիբանանահայերուն Հայաստանի Անձնագիր Ստանալու Հարցը Երկարաձգուած Է Մէկ Տարի Եւս
Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն եւ հիւպատոսական հիմնարկներէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ստանալ մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2014: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը:
Այս հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան 8 օգոստոսի նիստի օրակարգին վրայ:
Հայաստանի կառավարութիւնը այդպիսով 26 յուլիս 2012-ին ընդունած որոշման գործողութեան ժամկէտը, որ պիտի լրանար 1 սեպտեմբեր 2013-ին, կ’երկարաձգէ եւս մէկ տարիով:
Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին կողմէ:
2011-ի գարնան Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած տագնապէն ետք բազմաթիւ սուրիահայեր շարունակաբար կը ներգաղթեն հայրենիք եւ կը ստանան Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
CATEGORIES Հայկական

