Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Սահմանային Զօրամաս

«Հակառակորդի հաւանական նախայարձակումին հակազդող միակ միջոցը հայկական զինեալ ուժերու մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանն է», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` 5 օգոստոսին ներկայ գտնուելով ամառնային ուսումնական հանգրուանի սկիզբին առիթով երկրորդ բանակային զօրամիաւորման սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր հանդիպումին:

Օհանեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւրին պարտքն է միացեալ ուժերով օրը ծառայեցնել ի նպաստ ազգային բանակի մարտական պատրաստութեան աստիճանի բարձրացման,  իսկ ատիկա անվերջ հոլովոյթ է:

Ան անդրադարձաւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած «ՎԱՀԱԳՆ» վարժութիւններու համալիր համակարգին, որ թոյլ պիտի տայ զարգացնել զինուորական ծառայողներու վարպետութիւնը, ըլլալ աւելի արագ, անձնուրաց եւ նպատակասլաց:

Սէյրան Օհանեան այցելեց զօրամասի սպաներուն համար կառուցուող հանգիստի եւ ժամանցի գօտիի շինարարական հրապարակ, ներկայ գտնուեցաւ գումարտակներէն մէկուն համար կառուցուած զօրանոցի, ճաշարանի եւ կաթսայատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Դիմելով զինուորական անձնակազմին` նախարարը ընդգծեց, որ հայկական բանակը շրջանի միակ յաղթած բանակն է:

Սէյրան Օհանեան այցելեց նաեւ զօրամասի մարտական յենակէտեր, հանդիպեցաւ ծովու մակարդակէն աւելի քան 3000 մեթր բարձրութեան վրայ սահմանագօտիի պահպանութիւնը իրականացնող զինուորներուն եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց կենցաղային պայմաններով:

Նախարար Օհանեան աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը մեկնեցաւ թիկունքային զօրամասերէն մէկը, ուր զինուորներուն հետ միասին նախաճաշեց զօրամասի ճաշարանին մէջ, իսկ այցելութեան աւարտին Վահան գիւղին մէջ հանդիպում ունեցաւ գիւղացիներուն հետ եւ անոնց հետ ծաղիկներ զետեղեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES