Սուրիացի Քիւրտերու Պաշտպանութեան Համար. Իրաքի Քիւրտերը Չեն Բացառեր, Որ Կրնան Սուրիական Տագնապին Միջամտել
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի չէ բացառած, որ քրտական զինեալ ուժերը սուրիացի քիւրտերը իսլամականներէն պաշտպանելու համար կրնան սուրիական տագնապին միջամտել:
Պարզանի յատուկ կերպով նշած է, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը իր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործէ` պաշտպանելու համար Սուրիոյ քիւրտերը:
Իրաքի քրտական շրջանի ղեկավարի յայտարարութիւնը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն, ուր կը բնակի քրտական բնակչութիւնը:
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը իր սեփական կառավարութիւնն ու ուժային կառոյցները ունի:
Միւս կողմէ, Քրտական ժողովրդավար-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Համիտ Տարուիշ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիական ազգային համաձայնական մարմինն ու Ժողովրդավարական միութիւնը երեք կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութիւն մը կը կատարեն` դադրեցնելու համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու եւ ծայրայեղ իսլամական զինեալներու միջեւ բախումները:
Ան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ երեք կէտերէ, որոնք են` կռիւները դադրեցնել, ձերբակալեալները ազատ արձակել եւ վերջին բախումներէն առաջ եղող աշխարհագրական կէտերուն վերադառնալ:
Տարուիշ յայտնեց, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ սկզբունքով համաձայն է միջնորդութեան:


