Զօր. Աուն Երկօրեայ Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Զահլէ

Զօր. Աուն ժողովրդային դիմաւորումի կ՛արժանանայ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին երկօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Զահլէ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի հոգեւորականներուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Զօր. Աուն իր այցելութեան սկսաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի «Սայիտաթ Նաժաթ» եկեղեցիէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսին հետ:

Հանդիպումէն ետք, զօր. Աուն անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերուն` շեշտելով, որ ինք նախապէս զգուշացուցած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին ստեղծելիք բարդութիւններէն, սակայն Լիբանանի կառավարութիւնը անկարեւոր նկատած է իր յայտարարութիւնները:

Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այս թղթածրարին գծով գործակցելու բոլոր պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ ըսաւ, որ այդ մասին իրենք պիտի յայտարարեն նախաձեռնութիւն մը:

Իր կարգին, Տարուիշ եպիսկոպոս հաստատեց, որ զօր. Աունի Զահլէ կատարած անցեալ այցելութեան ընթացքին ինչ որ քննարկած են իրականացած է. ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զօր. Աունի` Թարշիշ-Զահլէ ճամբուն շինարարական աշխատանքները ամբողջացնելու առումով անոր հետապնդումներուն:

Շաբաթ երեկոյեան զօր. Աուն ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած ընթրիքին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ան նշեց, որ Լիբանանը խոր երկփեղկում մը կ՛ապրի` աւելցնելով, որ այս երկփեղկումին շրջագիծին մէջ կը պատահին բազմաթիւ հրաշքներ:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց քաղաքական արկածախնդրութիւններ չկատարելու` աւելցնելով, որ կատարուած իրողութեան կամ մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանը քանդումի պիտի առաջնորդէ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին զգաստութեան պահու մը ընթացքին վերադառնալու իրենց ինքնութեան. ան հաստատեց, որ եթէ անոնք զգաստութեան այդ պահը չապրին, ապա զղջումի պահը պիտի ապրին:

Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ Զահլէ կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց ներկայ գտնուելով Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին մարոնի համայնքի Զահլէի առաջնորդ Մանսուր Հոպէյքա եպիսկոպոսը իր քարոզը արտասանելով շեշտեց, որ Լիբանան սուրբ հող ըլլալէ կը դադրի եւ կը վերածուի ապահովական իմաստով անկայուն երկրի մը. ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )