Հիւսիսային Պեքաայի Մէջ Թակարդ Մը Կը Պատճառէ Զոհ Մը Եւ Կը Վիրաւորէ Երեք Ուրիշներ, Որոնց Շարքին` Արսալի Քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի

Հիւսիսային Պեքաայի Լապուէ շրջանին մէջ երէկ կէսօրէ ետք «Չորս նահատակներու խմբաւորում» անունը կրող զինեալներու խմբակի մը կողմէ լարուած թակարդ մը թիրախ դարձուց Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի շքախումբը` պատճառելով զոհ մը` Մոհամետ Հասան Հուժէյրի եւ վիրաւորելով երեք ուրիշներ, որոնց շարքին` Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրին:

Հուժէյրի, որ թեթեւօրէն վիրաւորուած էր, հիւանդանոցէն մեկնելէ ետք Լապուէի դէպքին պատասխանատու նկատեց Ժաաֆար եւ Ամհազ ընտանիքները:

Նշենք, որ թակարդը գործադրելու պատասխանատուութիւնը ստանձնած «Չորս նահատակներու խմբաւորում»-ը յայտնած էր, որ այդ թակարդը Ռաֆեք հովիտին մէջ անցեալ 16 յունիսին սպաննուած երիտասարդներուն վրէժխնդրութիւնն է:

Նշենք, որ Հուժէյրին թիրախ դարձնելու գործողութիւնը կատարուեցաւ Ռաս Պաալպեքի մէջ Արսալի բնակչութեան եւ Մըքտատ ընտանիքին միջեւ առեւանգուած անհատներու փոխանակումէն ետք:

Առեւանգեալներու փոխանակումին գործողութեան հսկեց լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ էր Ալի Հուժէյրի, որ փոխանակման գործողութենէն կը վերադառնար:

Առեւանգեալներու փոխանակման շրջագիծին մէջ ազատ արձակուեցաւ 10 օր առաջ առեւանգուած քաղաքացի Եուսեֆ Մըքտատ:

Այս առիթով Ալի Հուժէյրի խստիւ դատապարտեց առեւանգումները` զանոնք նկատելով չարիքի եւ սադրանքի աղբիւր:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Լապուէի մէջ անծանօթ զինեալներ Հուժէյրիի շքախումբին վրայ արձակեցին կրակոցներ, որոնց պատճառով սպաննուեցաւ անձ մը, վիրաւորուեցան 3 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ առեւանգուեցան 2 սուրիացիներ, որոնք մաս կը կազմէին շքախումբին:

Բանակը հիւսիսային Պեքաայի մէջ արտակարգ միջոցառումներ որդեգրեց` հակակշռելու համար կացութիւնը, ինչպէս նաեւ սկսաւ հետապնդումներու աշխատանքին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ապահովական ուժերէն պահանջեց ձերբակալել Լապուէի գործողութիւնը կատարած յանցագործները եւ զանոնք յանձնել համապատասխան դատական ատեանին:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անդրադարձաւ Լապուէի դէպքին` շեշտելով, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ձերբակալելու համար Հուժէյրին թիրախ դարձուցած յանցագործները:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Հուժէյրիի դէմ լարուած թակարդը եւ բանակէն պահանջեց խիստ կերպով հարուածել յանցագործներն ու զանոնք դատական իշխանութիւններուն փոխանցել:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ ընդգծեց Արսալի քաղաքապետը թիրախ դարձնող յանցագործները հետապնդելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES