Ֆետերեր Կը Պատրաստուի Սինսինաթիի Մրցաշարքին

Ռոժէ Ֆետերեր

Անգլիական «Սքայ Սփորթց» լրատուամիջոցը կը հաղորդէ, որ աշխարհի նախկին թիւ մէկ թենիսմեն, զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր պատրաստ է պաշտպանելու անցեալ տարի իր շահած Սինսինաթի մասթըրզի մրցաշարքի տիտղոսը:

Ան ըսաւ, որ ինք շատ խանդավառ է ներկայիս`  նշելով, որ եթէ թենիսմենը եռանդ չունի խաղալու, ապա անոր ասպարէզը հասած կ՛ըլլայ իր աւարտին, սակայն իր պարագային ան ըսաւ, թէ ինք շատ պատրաստ է, կը պաշտէ այս խաղը եւ տակաւին կարողութիւնը ունի շահելու տարբեր մրցաշարքեր:

Ֆետերեր աւելցուց, որ կը ցանկայ արագ ձեւով մոռնալ Ուիմպըլտընի այս տարուան իր ձեռք բերած արդիւնքը (դուրս մնաց երկրորդ հանգրուանէն):

Յայտնենք, որ Ֆետերեր վերջերս կը տառապի մէջքի փոքր ցաւէ մը: Սակայն ան նշեց, որ ներկայիս առողջ ու հանգիստ է, բայց չէր ցանկար չմասնակցիլ Մոնրէալի մրցաշարքին: Ասոր դրական կողմին նայելով ան ըսաւ, թէ այս մէկը պատճառ պիտի ըլլայ լաւ պատրաստուելու Սինսինաթի մասթըրզի մրցաշարքին` պաշտպանելու համար իր բաժակը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )