Հաղորդագրութիւն
Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 11 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ:
Նորակառոյց կազդուրման կայանը երազ ըլլալէ դադրած է եւ այսօր դարձած է իրականութիւն. անոր հովանիին ներքեւ 60-ի չափ փոքրիկներ համախմբուած են իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու յատուկ մշակուած դաստիարակչական, ընկերային թէ ազգային ծրագիրին ընդմէջէն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընեն:
Վստահ ենք, որ լիբանանահայ կամ սուրիահայ փոքրիկները պիտի օգտուին նաեւ Այնճարի կլիմայէն եւ լաւապէս կազդուրուած պիտի վերադառնան իրենց բնակարանները 31 օգոստոս 2013-ին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային

