ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ամառնային Մարզական Կեանքը

 

 

 

 

 

 

 

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք այս քանի մը տողերը` արտայայտելու համար ծնողական մեր գոհունակութիւնը:

Նախ` շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պատասխանատուներուն, որոնք խոհեմութիւնը ունեցան երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպելու ամառնային մարզական կարգ մը միջոցառումներ: Անոնցմէ մէկն էր լողալու դասընթացքը` մէկ ամսուան համար:

Այս դասընթացքներուն նպատակն էր ամառնային արձակուրդի ժամանակամիջոցին, մեր մանուկ թէ պատանի զաւակները հեռու պահել դատարկ եւ վնասակար զբաղումներէ: Նոյն ատեն հայուն զաւակները հեռու չպահել իր հայկական մթնոլորտէն` զանոնք յանձնելու համար օտարոտի շրջանակներու կազմակերպած խաղերու կամ այլ զբաղումներու:

Այս առիթով, իբրեւ լողի դասընթացքի աւարտ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մետալներու բաշխում կատարուեցաւ լողի դասընթացքի մասնակցողներուն:

Տոքթ. Իշխան Եղիայեան եղաւ գլխաւոր կազմակերպիչը եւ յարատեւ հետեւողը յիշեալ նախաձեռնութեան: Շնորհակալութիւն բժիշկին` իր նուիրեալ յանձնառութեան համար, որ երկրորդ տարին ըլլալով յաջողութեամբ պսակեց այս նախաձեռնութիւնը` կրկնապատկելով մասնակից փոքրիկ լուղորդներու թիւը:

Յիշենք նաեւ, որ մասնակցողները մեր հայկական վարժարաններու աշակերտներն էին, որոնք ուրախ եղան միասնական այս արձակուրդին համար: Չմոռնանք նշելու, որ այս ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ կամաւոր հսկիչներ` ՀՄԸՄ-ական երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ:

«Լաքոլինա» լողաւազանին մէջ (Մութայլեպ) կատարուած լողի դասընթացքներուն աւարտին տեղի ունեցած հանդիպման, լողի վարպետ ուսուցիչ Ապպուտ Իսա գնահատեց հայ աշակերտներուն ճարպիկութիւնը եւ լողալու արագ վարժութիւն իւրացնելու ընդունակութիւնը: Ան յատկապէս ըսաւ. «Նման դասընթացքներ այլ սորվողներու համար կը տրամադրէինք գրեթէ տարի մը: Ուրախութեամբ կը հաստատեմ, թէ հայ աշակերտները սորվեցան մէկ ամսուան ընթացքին: Ապրի՛ք»: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին կողմէ Ապպուտ Իսային ընծայեցին ծաղկեփունջ մը` առ ի գնահատանք իր աշխատանքին:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԼՈՒՂՈՐԴՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂՆԵՐ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )