Ուսանողներուն Բողոքի Հերթական Ցոյցը` Հայաստանի Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

Համալսարաններու կրթաթոշակներու բարձրացման դէմ բողոքող ուսանողները կը պահանջեն հանդիպիլ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Երէկ կանուխ առաւօտէն «Ֆէյսպուք»-ի վրայ սկսած նախաձեռնութեան անդամները, որոնք կը պայքարէին ընդդէմ կրթաթոշակներու բարձրացման, հաւաքուած էին կառավարութեան շէնքին առջեւ եւ կը պահանջէին հանդիպիլ վարչապետին հետ:

Նախաձեռնութեան համակարգող, Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի երկրորդ տարուան ուսանող Յարութիւն Մկրտչեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ վարչապետը զիրենք չընդունի եւ չեղեալ չնկատուի կրթաթոշակներու բարձրացումը, ապա իրենք պիտի դիմեն համապետական դասադուլի:

Հակառակ անոր որ համալսարաններու նախագահները կը պնդեն, որ բարձրացուած կրթաթոշակներուն մէկ մասը պիտի յատկացուի դասախօսներու աշխատավարձի բարձրացման, իսկ միւս մասը` համալսարաններու արհեստագիտական վերազինման ուղղուած աշխատանքներուն, ուսանողները կը պնդեն, որ անոնք անհիմն բացատրութիւններ են: Նշենք, որ իրաւագիտութեան բաժանմունքին կրթաթոշակը բարձրացած է 100 հազար դրամով եւ եղած է 800 հազար դրամ:

Ուսանողներուն մօտեցաւ Կառավարութեան աշխատակազմի դիմում-բողոքներու ընդունման բաժանմունքի պետ Ալեքսանտր Ղազարեան: Սակայն, երիտասարդները մերժեցին անոր յանձնել իրենց գրաւոր դիմում-պահանջը` պնդելով, որ կը ցանկան, որ վարչապետը իջնէ եւ իրենց հետ հանդիպի:

Շուրջ 3 ժամ ետք, յայտարարելով, թէ Երիտասարդութեան միջազգային օրը նոյնիսկ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իրենց արհամարհեց, ուսանողները քալեցին դէպի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն:

Նախարարութեան աշխատակիցը ցուցարարներուն տեղեկացուց, որ նախարարը կը պատրաստուի ուսանողներուն հետ կլոր սեղան-քննարկում կազմակերպելու: Վերջիններս, սակայն, մերժեցին առաջարկը` յայտարարելով, որ իրենք դէմ են վարագոյրի ետին հանդիպումներուն եւ կը պահանջեն, որ Աշոտեան անձամբ իջնէ եւ լսէ իրենց պահանջները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES