Ըմբշամարտի Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ արդէն իսկ սկսած է ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 80 երկիրներէ ժամանած մարզիկներ, որոնց մէջ կան նաեւ 14 հայ մարզիկներ` 7 ազատ ոճի, իսկ մնացեալ 7-ն` յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ:

Նշենք, որ անցեալ շաբթուընէ սկսեալ հայ մարզիկները արդէն կը կատարէին իրենց փորձերը Պուլկարիոյ մէջ:

Հայաստանի ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մարզիչներուն` Արմէն Բաբալարեանի եւ Էտուարտ Թունիանցիի կարծիքով` այս ախոյեանութիւնը նկատելիօրէն տարբեր է, քան անցեալ ախոյեանութիւնը, որովհետեւ այս տարուան մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ դասական օրէնքներու հիման վրայ եւ ոչ անցեալ մրցաշարքին պէս` նոր մշակուած օրէնքներով:

Անոնք հաստատեցին, որ այս օրէնքը շատ աւելի նպաստաւոր է հայ մարզիկներուն համար, եւ իրենք յոյսով են, որ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն:

Բացի ասկէ, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻԼԱ-ի նախագահ Նենատ Լալովիչ կը ցանկայ փաստել բոլորին, որ դասական օրէնքներով ըմբշամարտը շատ աւելի դիտելու արժանի խաղ մը կը դառնայ, քան այդ նոր մշակուած օրէնքներով խաղը` աւելցնելով, որ այդ օրէնքները պատճառ դարձեր էին, որ խաղը զրկուի իր դիմագիծէն եւ կորսնցնէ իր արժէքը:

Յայտնենք, որ ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 18 օգոստոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES