Մէյ Խալիլ Այցելեց Նախարար Մարուան Շարպելի

Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի: Խալիլի կ՛ընկերակցէր Մարաթոնի միութեան փոխնախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմ:

Խալիլ նախարարը տեղեակ պահեց Պէյրութի միջազգային մարաթոնին գծով տարուող աշխատանքներուն մասին, մանաւանդ շեշտելով այն կարեւոր կէտը, որ յառաջիկայ 10 նոյեմբերին տեղի ունենալիք այս մարաթոնը կարեւոր կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ գործակցութեամբ Պէյրութի դրամատան, որ կը հանդիսանայ անոր գլխաւոր հովանաւորը:

Աւարտին Խալիլ նախարար Շարպելը հրաւիրեց, որպէսզի ան ներկայ գտնուելով մարաթոնին տայ անոր սկիզբի ազդանշանը:

Share this Article
CATEGORIES