16-28 Օգոստոսին. Լիբանանի Ճատրակի Տղոց Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումները
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 16-28 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ճատրակի տղոց ախոյեանութեան զտումի մրցումները` «Կոլտըն Թիւլիփ-Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ):
Առաջին վեց դիրքերը գրաւողները 7 հանգրուանի մրցումներ կատարելէ ետք պիտի անցնին աւարտական հանգրուան:
Նշենք, որ զտումի այս ախոյեանութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ վկայագիրներու տուչութիւն բոլոր անոնց, որոնք նախորդ յունիսին մարզիչ դառնալու դասընթացքին յաջողած էին:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է Ալի Ժաուիշ:
CATEGORIES Մարզական