Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Լիսիի Հետ

Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի (1-32-րդ) մրցումներուն, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով ճակատեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Իկոր Լիսիի հետ, հաւասարութիւն մը արձանագրեց 22-րդ շարժումին:

Անոնց միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ այսօր:

Իր կատարած Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան երկու անգամ պարտութեան մատնեց Միհայիլ Մարքովը:

Արոնեանէն բացի, բաժակի այս մրցաշարքին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ Հրանդ Մելքումեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան:

Երէկուան եւ նախանցեալ օրուան արդիւնքները երբեք չեղան ի նպաստ հայրենի կրանտմասթըրներուն` նկատի ունենալով, որ հետեւելով Վլատիմիր Յակոբեանի օրինակին, մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Սերկէյ Մովսիսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )