Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօրուան ձեր խօսակցութիւնը պիտի անցնի աշխատանքի ձեւի մասին: Ձեր շրջապատին հետ կրնաք համաձայնիլ` ձեր փափաքը իրագործելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրուան ընթացքին բախտի բերմամբ պիտի ունենաք անակնկալ հանդիպում մը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բնաւ մի՛ կասկածիք, որ ձեր որոշած աշխատանքը կրնայ ձախողիլ: Ապաւինեցէք ձեր կարողութեան եւ մնացէք ինքնավստահ ամէն պարագայի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը կը գրաւէք, բայց` ոչ ձեր ակնկալածին պէս: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, արժանի յարգանքի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Չէք սիրեր ապսպրանքի վրայ աշխատանքը: Ջանացէք ըլլալ հաղորդական եւ ընկերային, առանց դուք ձեզի պարտադրելու: Համերաշխ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մէկ կողմ դրէք ձեր ամօթխածութիւնը կամ երկմտութիւնը, արտայայտեցէք ձեր զգացումները: Սէրը ունի ապրելու իր իրաւունքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ տեսնէք, որ ձեզի մօտիկ անձեր իրենց տեսակէտը կը պարտադրեն ձեզի, հեռու մնացէք եւ հետեւեցէք ձեր որոշած աշխատանքին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ձեր երկրէն դուրս ելած էք, մի՛ մոռնաք փոքր բացիկ մը ղրկելու ձեր հարազատներուն կամ ձեզի մօտիկ անձերու: Երախտագէտ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տրամադրութիւն ունիք կամաւոր աշխատանքի` օգտակար ըլլալու համար ձեր շուրջիններուն: Առաջարկեցէք ձեր կատարելիք աշխատանքին բնոյթը, ձեր փափաքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նպատակ կամ տրամադրութիւն չունիք ձեր ընելիքին մասին հաշիւ տալու ձեր շուրջիններուն: Ազատ զգալու ձեր իրաւունքը ունիք, ըրէք այն, ինչ որ կ՛ուզէք, բայց` չափաւորութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նայեցէք հեռուն, կրնաք տեսնել ձեր ընելիք աշխատանքին վերաբերեալ հարցեր, որպէսզի որոշէք, ինչ որ փափաքիք: Օրը նպաստաւոր է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամական շրջանակի մէջ մնացէք ուշադիր, շրջահայեաց: Ձեր կարծիքը արտայայտեցէք իր տեղին, առանց ծածկամիտ ըլլալու: Անկեղծ եղէք:

