ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄՈՐԹԻ ԲՋԻՋՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵԼ ՋԻՂԵՐՈՒ ԲՋԻՋՆԵՐՈՒ…
Մայիսի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ յաջողած են մարդկային մորթի բջիջները վերածել ուղեղին աշխուժ ջիղերու բջիջներուն: Երբ մասնագէտները ուղեղին ջիղերու բջիջներուն ծինային կերտուածքներէն ներարկած են սաղմնային վիճակի մէջ եղող մորթի բջիջներուն մէջ, այս վերջինները սկսած են վարուիլ ջիղերու բջիջներուն նման:
Նախապէս մասնագէտներ նման փորձարկում մը կատարած են մուկերուն վրայ եւ անկէ ձեռք ձգուած խոստմնալից արդիւնքները մղած են, որ անոնք իրենց փորձարկումներուն մէջ ներառեն նաեւ մարդկային մարմնին բջիջները:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ նման ուսումնասիրութիւններ կարելի է օգտագործել ջղաբանական հետազօտութիւններու համար, ինչպէս նաեւ` ուղեղին վնասուած ջիղերու բջիջները առողջ ջիղերու բջիջներով փոխարինող պատուաստումի գործընթացին համար:
«ՎԵՐԱԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒԱԾ» ՄՈՐԹԻ ԲՋԻՋՆԵՐ
Մասնագէտները սաղմնային մորթի բջիջներուն մէջ ուղեղին ջիղերու բջիջներէն առնուած ծինային կերտուածքներ ներարկած ատեն գործածած են իրենց ծինային կերտուածքներուն մէջ փոփոխութիւններ կրած ժահրեր, որոնք նպաստած են, որ ջիղերու բջիջներուն ծինային կերտուածքները «ընթեռնլի» դառնան մորթի բջիջներուն կողմէ եւ, այդպիսով, այս վերջինները վերածուին ջիղերու բջիջներուն աշխատանքը կատարող բջիջներու:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն ամերիկացի ախտաբան փրոֆ. Մայրըս Ուերնիկ յայտնած է, թէ նման գործընթաց մը իւրայատուկ է` նկատի ունենալով, որ նախապէս կարելի եղած է տուեալ աշխատանք մը կատարող բջիջներ վերածել մայր բջիջներու եւ ո՛չ թէ` այլ տեսակի պարտականութիւն ունեցող բջիջներու: Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ կարելի եղած է մորթի բջիջներուն ծինային կերտուածքները վերածրագրաւորելով` զանոնք ուղղակիօրէն վերածել ուղեղին ջիղերու բջիջներուն աշխատանքը կատարող բջիջներու:
Փրոֆ. Ուերնիկ նշած է, թէ տարիներ առաջ նման պարունակի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ յաջողած են տուեալ աշխատանք մը կատարող բջիջներ վերածել այդ նոյն աշխատանքը կատարող բջիջներու տեսակներու, որոնք իրենց կերտուածքով այնքան ալ տարբեր չեն եղած խնդրոյ առարկայ բջիջներէն:
Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութիւնը առաջին օրինակը կը հանդիսանայ իրենց ունեցած դերակատարութեան մէջ արմատական փոփոխութիւն կրող բջիջներու կազմութեան:
ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՕՐԷՆ ՀԵՏԵՒԻԼԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ
ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ
Մասնագէտներուն կարծիքով, նման ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ծառայել ուղեղի տարբեր հիւանդութիւններու նախատիպերու պատրաստութեան: Այսուհանդերձ, ջղային համակարգին առնչուած տուեալ հիւանդութենէ մը տառապող մարդոց մորթին բջիջները կրնան օգտագործուիլ` կազմելու համար ուղեղի ջիղերու նոր բջիջներ, որոնց ծինային կերտուածքները ձեռք ձգուած են նոյնինքն ուղեղին ջիղերուն վնասուած բջիջներէն, ինչ որ առիթ կը ստեղծէ, որպէսզի մասնագէտները կարենան ուսումնասիրել այդ բջիջներուն մէջ տեղի ունեցող տարբեր գործընթացները, որոնք կը յառաջացնեն տուեալ հիւանդութիւնը` նկատի ունենալով, որ ուղեղը լաւապէս պաշտպանուած է գանկով եւ, հետեւաբար, նկարահանման բարդ սարքերուն միջոցով նոյնիսկ կարելի չ՛ըլլար անոր բջիջներուն հետեւիլ:
Փրոֆ. Ուերնիկ ըսած է, թէ մասնագէտներ կրնան նշեալ հիւանդներուն ուղեղին վնասուած բջիջներուն մասին տեղեկութիւն ձեռք ձգել անոնց մահանալէն ետք միայն, սակայն այն ատեն արդէն իսկ հիւանդութիւնը ընդհանրապէս հասած կ՛ըլլայ իր վերջին հանգրուաններուն եւ կարելի չ՛ըլլար հետեւիլ հիւանդութեան զարգացման հոլովոյթին:
Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած խոստմնալից արդիւնքները կրնան նպաստել, որ մասնագէտներ կարենան հետեւիլ նման հիւանդութիւններու զարգացման հանգրուաններուն, ինչ որ առիթ կ՛ընձեռէ դարմանումներ, ինչպէս նաեւ` անոնց յառաջխաղացքը կասեցնող ձեւեր գտնելու:
Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ մորթի բջիջները ուղեղի ջիղերու բջիջներու վերածելու ուսումնասիրութեան ընձեռած կարելիութիւնը կրնայ հետագային նպաստել նաեւ ուղեղի առողջ ջիղերու բջիջներու կազմութեան եւ այս վերջիններուն ջղային համակարգի տարբեր հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներուն ուղեղին մէջ պատուաստումին:
ՓՈՔՐ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մասնագէտները աւելցուցած են, թէ նկատի ունենալով, որ պատուաստուելիք ջիղերու առողջ բջիջները կազմուած են նոյնինքն հիւանդին մորթի բջիջներէն, այսուհանդերձ, անոնք իբրեւ օտար բջիջներ չեն նկատուիր հիւանդին մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ եւ, հետեւաբար, նշեալ համակարգին բջիջները հակամարմիններ արձակելով` չեն վնասեր անոնց:
«Անշուշտ ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն ձեռք ձգուած արդիւնքները տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուաններուն մէջ են եւ անհրաժեշտ է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` նախքան այդ արդիւնքները վաւերական դարձնելը», ըսած է փրոֆ. Ուերնիկ:
Ան յայտած է նաեւ, թէ նշեալ ուսումնասիրութիւններուն մէջ մասնագէտները իրենց փորձարկումներուն մէջ նկատի ունեցած են թէ՛ մուկերէ, եւ թէ՛ մարդկային մարմինէ առնուած մորթի բջիջներ: Թէեւ այդ զոյգ տեսակի բջիջներուն վրայ կատարուած փորձարկումներէն կարելի եղած է ձեռք ձգել իրենց ընդհանուր պարունակին մէջ իրարու նման եղող արդիւնքներ, սակայն կարգ մը մանրամասնութիւններու մէջ յայտնուած են որոշ տարբերութիւններ: Հետեւաբար մասնագէտները հետամուտ են նշեալ ծիրին մէջ հետագային կատարուելիք փորձարկումներուն մէջ նկատի ունենալ միայն մարդկային մարմնին բջիջները:
ՇՈՒՆԵՐԸ ՕԳՏԱԿԱՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՕԹԻԶՄԷ ՏԱՌԱՊՈՂ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Մայիսի վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ օթիզմի առնչուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ շուները կրնան նպաստել օթիզմէ տառապող մանուկներու ընտանիքներուն մօտ յառաջացած ճնշուածութիւնը նուազումի` օգտակար դառնալով անոնց կարգ մը պարտականութիւններուն, ինչպէս նաեւ` դիւրացնելով օթիզմ ունեցող մանուկներուն կենսական շարժումներու եւ կամ վարուելակերպերու վարժեցնելու ծնողներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտները տան մէջ շուն ունեցող քսան ընտանիքներ բաղդատած են շուն չունեցող քսան այլ ընտանիքներու հետ, որոնք բոլորն ալ օթիզմէ տառապող մանուկներ ունեցած են:
Մարդոց հետ անասուններուն ունեցած վարուելակերպին առնչուած երեւոյթին ուսումնասիրութեամբ զբաղող ամերիկացի մասնագէտ Տանիէլ Միլզ ըսած է, թէ շուները նպաստած են, որ որոշ չափով հարթուին օթիզմ ունեցող մանուկներուն ուտելիք սպառելու ու քնանալու առնչուած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեղմանայ անոնց մօտ յառաջացած շեշտուած տղայական զայրոյթին տարողութիւնը:
Այսուհանդերձ, շուն ունեցող քսան ընտանիքներուն տուած տեղեկութիւններէն կարելի եղած է ցանկագրել աւելի քան հազար միջոցներ, որոնցմով շուները օգտակար դարձած են օթիզմ ունեցող մանուկներուն ու անոնց հոգատարութեամբ զբաղող հարազատներուն:
Մասնագէտները հսկայ բարելաւում նկատած են շուն ունեցող ընտանիքներուն մէջ ապրող օթիզմ ունեցող մանուկներուն քնանալու եւ ուտելիք սպառելու երեւոյթներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` միջավայրին հետ անոնց ունեցած կապին մէջ:
Անոնք յայտնած են, թէ շուները վստահութիւն ներշնչած են նշեալ մանուկներուն: Օրինակ` մինչեւ տան դրան առջեւ եկող ու դէպի դուրս յաւելեալ քայլ առնելու վարանող մանուկները, երբ տեսած են, թէ շունը տունէն դուրս եկած է, իրենք եւս կրցած են նոյնը ընել:
ՕՐԱԿԱՆ` ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ մանուկներուն համար տան շեմէն դուրս գալը ժայռոտ բլուրի մը եզերքէն վար իջնելու չափ դժուար եղած է:
Օթիզմ ունեցող մանուկներուն ծնողները ըսած են, թէ իրենց զաւակները, շուներուն տրուած խնամքը տեսնելով, սկսած են սորվիլ իրենք զիրենք մաքուր պահել, ինչպէս նաեւ` կանոնաւոր կերպով ուտել ու քնանալ: Անոնք նկատած են, թէ իրենց զաւակները աւելի արագօրէն սորված են շուները դիտելով, քան` մանկավարժներու կողմէ կիրարկուած յատուկ միջոցներուն հետեւելով:
Նշեալ ծնողներէն ոմանք յայտնած են, թէ ատեն մը ետք օրական նորութիւն մը սկսած են նկատել օթիզմ ունեցող իրենց զաւակներուն մօտ. բան մը, որ նախապէս հազուադէպօրէն կարելի կ՛ըլլար նկատել:
Մասնագէտ Միլզ անհրաժեշտ գտած է, որ օթիզմի ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն օթիզմ ունեցող մանուկներուն վարուելակերպին մէջ յառաջացած բարելաւումին մէջ շուներուն ունեցած դերակատարութեան վրայ:
Վերջերս խումբ մը այլ մասնագէտներ նախաձեռնած են ուսումնասիրութեան մը, որուն մէջ անոնք պիտի փորձեն գտնել քնատենչութենէ (նարքոլեփսի) տառապող մանուկներուն վիճակին բարելաւման վրայ շուներուն ունեցող ազդեցութեան տարողութիւնը: Նշեալ շուները ճանչցուած են իբրեւ «արթուն» շուներ, որոնք մարզուած են մասնաւորաբար նման հիւանդութենէ տառապող մանուկներուն օգտակար դառնալու համար:
ԱՐԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
ԱՆՈՐ ՎԵՐՍՏԻՆ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼԸ ԿԱՍԵՑՆՈՂ
ՄԻՋՈՑԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ` ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ
Վերջերս բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ մուկերու վրայ կատարուած փորձարկումներէն գտած են այնպիսի՛ միջոց մը, որ կրցած է կասեցնել արեան քաղցկեղի վտանգաւոր մէկ տեսակէն տառապողներուն տրուած դարմանումէն ետք այս վերջինին վերստին յայտնուելու վտանգը:
Այսուհանդերձ, արեան քաղցկեղի նշեալ տեսակին համար ամիսներ շարունակ տրուած դարմանումներէն ետք անոր վերստին յայտնուիլը միշտ ալ կազմած է քաղցկեղի մասնագէտներուն մտահոգութեան առանցքը:
Թէեւ նշեալ ծիրին մէջ տրուած դարմանումները թիրախ դարձուցած են նաեւ քաղցկեղի վերածուած մայր բջիջները, սակայն եղած են այնպիսի՛ մայր բջիջներ, որոնք չեն ազդուած քիմիաբուժութենէն եւ կամ Քէ. ճառագայթներով տրուած դարմանումներէն եւ շարունակած են աճիլ ու բազմապատկուիլ եւ ատեն մը ետք պատճառ դարձած են քաղցկեղին վերստին ու ա՛լ աւելի ծանր կերպով յայտնուելուն:
Ծանօթ է արդէն, որ քաղցկեղի վերածուած մայր բջիջները շատ աւելի դիմադրողականութիւն ունին նշեալ ծիրին մէջ տրուած դարմանումներուն, քան` քաղցկեղի վերածուած այլ բջիջներ:
Մասնագէտները կը նախատեսեն, որ նորագոյն յայտնաբերումը նպաստէ նոր տեսակի դարմանումներու պատրաստութեան, որոնք կարելի պիտի դարձնեն արեան քաղցկեղի վտանգաւոր մէկ տեսակէն վերջնականապէս ապաքինումը:
ԶՈՅԳ ԲՆԱՍՊԻՏՆԵՐԸ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՆԵԼԸ`
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Քաղցկեղներու մասին պատրաստուած վիճակագրական տուեալներէն մէկը ցոյց տուած է, թէ արեան քաղցկեղի վտանգաւոր տեսակէ տառապողներուն յիսուն առ հարիւր համեմատութեան մօտ վերստին յայտնուած է քաղցկեղը եւ անոնց նուազ քան կէսը ապրած է հինգ տարի:
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են արեան քաղցկեղի վտանգաւոր մէկ տեսակին յատուկ եղող մայր բջիջները:
Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ գտած են բնասպիտի տեսակ մը, որ ուշագրաւ դերակատարութիւն ունեցած է քաղցկեղի վերածուած տարբեր տեսակի մայր բջիջներու աճին ու բազմապատկուելուն մէջ: Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները բացայայտած են, թէ բնասպիտի նշեալ տեսակը առանձին թիրախ դարձնելը բաւարար չէ եղած քաղցկեղի վերածուած մայր բջիջները ամբողջութեամբ ոչնչացնելու գործընթացին համար: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ նշեալ բնասպիտին առընթեր, նման դերակատարութիւն ունեցող այլ տեսակի բնասպիտ մը եւս միաժամանակ թիրախ դարձնելը նպաստած է մայր բջիջներուն ծինային կերտուածքներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն պատճառով արեան քաղցկեղի յառաջացման կասեցման:
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՂ ՄԻՋՈՑ ՄԸ
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Էրիք Սօ ըսած է, թէ նշեալ յայտնաբերումը յաւելեալ յստակացուցած է, թէ ինչպէ՛ս տուեալ տեսակի արեան քաղցկեղը վերստին յայտնուած է մարդոց մօտ նոյնիսկ այս վերջիններուն ստացած արդիւնաւէտ դարմանումներէն ետք:
Փրոֆ. Սոն նշած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուաններուն մէջ են եւ անհրաժեշտ է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` մանրամասնելու համար, թէ ինչպէ՛ս այդ զոյգ բնասպիտները նպաստած են քաղցկեղի վերածուած մայր բջիջներուն աճին, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս հակակշիռի տակ առնել անոնց բազմապատկուելու գործընթացը եւ, այդպիսով, նպաստել արեան քաղցկեղի ծանր տեսակներէ տառապող հիւանդներուն ամբողջական դարմանումին:
Բրիտանացի այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Տէյվիտ Կրենթ կարեւոր նկատած է նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները` նկատի ունենալով, որ անոնց մէջ յաւելեալ յստակ դարձած են, թէ ինչպէ՛ս քաղցկեղի վերածուած մայր բջիջներուն զարգացումը հակակշիռի տակ պահուած է` իրենց ծինային կերտուածքներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն դրսեւորումը նուազեցնելով:
Բժշկագիտական էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Պի. Պի. Սի.»