Հայկ Կէօքճեան Կը Փափաքի Ներկայացնել Հայաստանը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ յաջողութեամբ հանդէս եկած հայ պասքեթպոլիստ Հայկ Կէօքճեան կը փափաքի հանդէս գալ Հայաստանի դրօշակին ներքեւ:

Ըստ հայկական աղբիւրին, Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեւաւորուած է Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի հաւաքական, որ վերջերս կը գտնուի Երեւան: Հայ մարզիկները այժմ կը պատրաստուին մասնակցիլ Եւրոպայի 2014-ի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:

Եզրափակելով իր հրապարակած այս լուրը` աղբիւրը կ՛ըսէ. «Կէօքճեան թէեւ ծնած է Երեւանի մէջ, սակայն 4 տարեկանէն ան կը բնակի Լիբանանի մէջ: Ան միշտ կը ճանչցուի իբրեւ երեք կէտնոց կողովներ նշանակող փորձառու մարզիկ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )