«Տէր Ողորմեա»` Գերի Ինկած Հայ Զինուորին Համար
Երէկ` Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, «Տէր Ողորմեա»-ն նուիրուեցաւ վերջերս ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանը հատած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանին:
Սուրբ պատարագի ընթացքին` հայր սուրբը հաւատացեալներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց հայ զինուորի դէպքին վրայ` խնդրելով, որ անոնք օրուան իրենց աղօթքը նուիրեն անոր, որպէսզի Տիրոջ օրհնութեամբ ան հայրենիք վերադառնայ:
Յիշեցնենք, որ ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, 7-էն 8 օգոստոսի լուսցող գիշերը, ժամը 3:00-ի սահմաններուն, ծառայութիւն իրականացնելու ժամանակ, չկողմնորոշուելու հետեւանքով 1991-ի ծնունդ զինուորական ծառայող Յակոբ Ինջիղուլեան` հատելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանը, յայտնուած էր հակառակորդի պահպանութեան տակ գտնուող տարածք:
CATEGORIES Հայկական

