Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Դուրս Մնաց
Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ճակատումները այդքան ալ լաւ չեղան հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանին համար` նկատի ունենալով, որ ան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն կրելէ ետք իր մրցակից Եւգենի Թոմաշեւսքիէն (Ռուսիա), դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Առաջին մրցումին Արոնեան պարտութիւն մը կրեց, մինչ երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Երէկ արձանագրուած հաւասարութեան Արոնեան կը մրցէր սեւ քարերով:
CATEGORIES Մարզական