Օրը Օրին. Խթա՞ն, Թէ՞ Փոխարինող

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ուղեվարձի, համալսարանական ուսման վճարներու, ելեկտրականութեան, բնական կազի, ընդհանրապէս կեանքի թանկացումներու դէմ ընդվզումը, միջավայրի աղտոտման, երկրի ընդերքի բիրտ շահագործման պատճառած աւերներու դէմ նախաձեռնութիւնները առանձինն բռնկումներ են, որոնք կրնան նախանշել աւելի մեծ շարժումներու ծնունդը:

Կրնա՛ն, սակայն կարելի է պատահականութեան թողուլ երկրի փլուզումը կանխելու համար կենսական ժողովրդային շարժման կազմակերպումը:

Այո՛, երիտասարդ գործիչներ, սքանչելի տղաք ու աղջիկներ, խիզախօրէն կը նետուին հրապարակ, քաջաբար կը դիմագրաւեն հարուած ու ճնշում: Այսուհանդերձ, այս տղաքն ու աղջիկները, զանգուածային շարժում յառաջացնելու համար, կրնան անփորձ ըլլալ, կրնան կարիք ունենալ կազմակերպական, քարոզչական, քաղաքական աջակցութեան, ճիշդ մարտավարութիւն ընտրելու խորհուրդի:

Ո՞վ պիտի աջակցի այս երիտասարդներուն, եթէ ոչ քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Ներկայ դրութեամբ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անցեալի ձախողութիւններուն պատճառով յառաջացած յուսախաբութիւնները կրնան խանգարել երիտասարդ գործիչներու եւ կուսակցութեանց պատասխանատուներու միջեւ առողջ երկխօսութիւնը: Յաւակնութիւններ, փառասիրութիւններ, չափազանցուած ինքնավստահութիւն կրնան երկկողմանի խանգարող գործօններ ըլլալ:

Այս պայմաններուն տակ, պատասխանատուութիւնը, երկխօսութեան բանաձեւ գտնելու պարտականութիւնը կ՛իյնայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, որոնք պէտք է իրենց ձեռքերը երկարեն երիտասարդներուն, առանց նախապայմաններու` աջակցութիւն տրամադրեն անոնց` թիկունք դառնալով, պաշտպանելով, քաջալերելով:

Երիտասարդ գործիչները, միւս կողմէ, կրնան դիւրացնել երկխօսութիւնը, եթէ ճշգրիտ գնահատեն իրենց դերը երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ իրականացնելու հոլովոյթին մէջ: Իրենց վճռականութիւնը անփոխարինելի է, իրենց ոգեւորութիւնը` ներշնչող, իրենց դժգոհութիւնը քաղաքական ընդդիմութեան գործելակերպին նկատմամբ` զգաստացնող: Բայց եւ այնպէս, ղեկավարե՞լ, թէ՞ խթանել ժողովրդային շարժման ալիք ստեղծելու գործը: Քիչ մը անհեթեթ հարց է, որովհետեւ, եթէ այլ յուսալի ղեկավարողներ չըլլան, ոչ ոք իրաւունք կ՛ունենայ առարկելու երիտասարդութեան առաջնորդողի դերը, նոյնիսկ եթէ փորձառու չեն անոնք: Քաղաքական ղեկավարման ճգնաժամը ընդդիմադիր դաշտին վրայ ի վերջոյ պիտի յաղթահարուի` երիտասարդ գործիչներու խթանումով կամ անոնց դերակատարութեամբ:

«Ասպարէզ»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )