Մանսուր Նեպիլ Ֆահմիէն Նամակ Մը Ստացաւ

Մանսուր եւ Անիս

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ եգիպտացի իր պաշտօնակիցէն` Նեպիլ Ֆահմիէն ստացաւ նամակ մը, որ յանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ եգիպտական դեսպանատան գործավար Խալետ Անիսի կողմէ:

Նամակին մէջ նշուեցան Եգիպտոսի իրավիճակին մասին տեղեկութիւններ` սկսեալ 2011-ի յեղափոխութենէն, հասնելով մինչեւ այս օրերուն արձանագրուող զինեալ միջադէպերն ու ապօրինութիւնները, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան:

Ֆահմի հաստատեց, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը կառչած պիտի մնայ բռնարարքներուն վերջ մը դնելու քայլերուն եւ պիտի գործակցի քաղաքական այն ուժերուն հետ, որոնք քաղաքական լուծումներու կը փափաքին յանգիլ` մերժելով բռնարարքներն ու արիւնահեղութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )