Զօր. Աուն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամներ Ղալեպ Ապու Զէյնապ, հաժ Մահմուտ Քումաթի եւ Ալի Տահեր, ներկայութեամբ Նիքոլա Իպրահիմի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է խորհրդակցիլ զօր. Աունի հետ եւ շեշտել, որ ահաբեկչութիւնը երբեք չի կրնար ժխտական ազդեցութիւն ունենալ լիբանանցիներուն վրայ կամ փոփոխութեան ենթարկել լիբանանեան իրականութիւնը:

Ապու Զէյնապ ընդգծեց, որ իրենք համոզուած են, որ Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն հայրենիքն է եւ բոլորը պէտք է ջանան պահպանել զայն: «Հետեւաբար, Ռուէյսի պայթումն ու Դիմադրութեան շրջանը ուժգին ականահարելու քայլերը չեն կրնար խախտել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:

Ապու Զէյնապ եզրափակեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանը կարելի է յաղթահարել ազգային միասնականութեամբ եւ բոլորին ուժերը Լիբանանի բարօրութեան ի խնդիր համախմբելով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )