ՀԱԿԱՌԱԿ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ ԼՔԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ԲԵՐԴԱՊԱՀ ԼԵՀՄԱՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԻԱՆԱՅ ՇԱԼՔԷԻ

Ենս Լեհման

Արսենալի նախկին բերդապահ Ենս Լեհման հակառակ անոր որ նախորդ տարի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, սակայն շատ հաւանաբար ան դարձեալ վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը եւ մաս կազմէ Պունտըսլիկայի կազմերէն Շալքէի:

Կը կարծուի, որ 41 տարեկան Լեհման պիտի ըլլայ 22 տարեկան հիմնական բերդապահ Ռալֆ Ֆայերհմանը փոխարինողը` անհրաժեշտութեան պարագային:

Թէեւ Շալքէի կողմէ այս ուղղութեամբ պաշտօնական ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ Լեհմանի փոխանցումը իրականութիւն պիտի դառնայ` նկատի ունենալով, որ Մանուէլ Նէօյըր միացաւ Պայէրն Միւնիխի:

 

Share this Article
CATEGORIES