Շէյխ Ահմետ Ասիր Ապաստանած Է Այն Հելուէի Մէջ

Գրեթէ հաստատ տեղեկութեանց համաձայն, շէյխ Ահմետ Ասիր կը գտնուի Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ապտալլա Պըն Զուպէյր մզկիթին մէջ, որ կը գտնուի Այն Հելուէի Թաուարէ թաղամասին մէջ: Նոյն միջոցին, բանակը ձերբակալած է Ասիրի հետեւորդներէն լիբանանցի Այման Մըսթոն:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը, լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին վերագրելով իր տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, թէ նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքեր կը գտնուի Թաամիր թաղամասին մէջ ու մնայուն կապի մէջ է Ասիրի հետ` հասարակաց բարեկամներու միջոցով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )