Լիբանանեան Պետութենէն Պահանջելով Փոխել Իր Կեցուածքը`. «Թուրքիոյ Դէմ Դատ Պիտի Յարուցուի Եւրոպական Միութեան Եւ Միջազգային Ատեաններուն Մօտ» Յայտնեց Շէյխ Քապալան

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտէլ Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը, որուն անունով շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ շէյխ Քապալանի հետ քննարկուած են այս հարցին նորագոյն մանրամասնութիւնները:

Շէյխ Զղէյպ շէյխ Քապալանի վերագրելով իր խօսքերը յայտնեց, որ մօտ օրէն Թուրքիոյ դէմ դատական հայց պիտի յարուցուի Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային ատեաններու մօտ: Շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան այս առիթով նաեւ լիբանանեան պետութենէն պահանջած է փոխել իր մօտեցումը, յատկապէս առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներուն հետ` մերժելով անոնց դէմ հակադրուող որեւէ քայլ:

Այս ծիրին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդ` գնդապետ Քեմիլ Կիւնլարը, որուն հետ քննեց երկրին ապահովական ընդհանուր իրավիճակն ու առեւանգեալ երկու օդաչուներուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )