Նասեր Աթիէ Պիտի Մասնակցի Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելիին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ փորձառու վարորդ եւ ռելիներու աշխարհին մէջ մեծ համբաւ ու փորձառութիւն ունեցող քաթարցի Նասեր Աթիէ պիտի մասնակցի Լիբանանի 36-րդ միջազգային ռելիին, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 սեպտեմբերին:

Նշենք, որ Լիբանանի այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Հոս տեղին է նշել, որ նախորդ տարի Աթիէ չէր մասնակցած Լիբանանի ռելիին, երբ Քաթարի կառավարութիւնը իր հպատակները զգուշացուցած էր Լիբանան այցելելէ` անապահով կացութեան պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )