Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ. «Պարտութեան Պարագային Պիտի Լքեմ Ասպարէզս»

Միջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ Վիլպեֆորս Շիխեփոյի դէմ իր կատարելիք մենամարտէն առաջ յայտարարեց, որ պարտութիւն կրելու պարագային պիտի լքէ կռփամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

«Պարտութիւն մը եւս ինծի համար շատ գէշ եւ անընդունելի պիտի ըլլայ: Պարտութեան պարագային պիտի հեռանամ կռփամարտէն: Ասիկա թէեւ շատ դժուար պիտի ըլլայ ինծի համար, սակայն այդպիսի որոշում տուած եմ: Պէտք է խոստովանիմ, որ դժուար է գիտակցիլը, որ այլեւս բարձր կարգի կռփամարտիկ չեմ», նշեց Աբրահամ:

Սակայն Աբրահամ կարեւորութեամբ ընդգծեց այն, որ ատիկա տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ ինք անպայման պիտի յաղթէ Շեխեփոյին, այլապէս ինք չէր համաձայներ այդ մենամարտը կատարել:

Նշենք, որ Աբրահամ – Շեխեփօ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 24 օգոստոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )