Փինկ Փոնկ. 28 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբեր` Լիբանանի Ախոյեանութեան Մրցումները

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 28 օգոստոսէն 7 սեպտեմբեր Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան բոլոր մրցումները` հետեւեալ ձեւով. տղաք եւ աղջիկներ` անհատական եւ զոյգի, ինչպէս նաեւ` տարիքային բոլոր մրցումները:

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 26 օգոստոս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը: Ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:

Արձանագրութեան համար կարելի է դիմել ֆետերասիոնի հետեւեալ կայքէջին` [email protected] եւ կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 09-211364 եւ 04-402926:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )