Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Գերեվարուած Զինուորին Հարցով Դիմեց Փաշազատէին Եւ Քիրիլ Ա.-ին

Վերջերս Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի, շարքային զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի խնդիրով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը դիմած է Ազրպէյճանի հոգեւոր պետ, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէին` քայլերու ձեռնարկելու հայ զինուորի ազատ արձակման հայրենիք վերադարձնելու համար:

Այլ գրութեամբ մը վեհափառ հայրապետը այս հարցով խնդրած է նաեւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա.-ի միջնորդութիւնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն առջեւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )