Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Նէյմար Իր Կազմը Փրկեց Պարտութենէ Մը
Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար երէկ իր առաջին մրցումը կատարեց Պարսելոնայի հետ, երբ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի երթի մրցումին դաշտ ներկայացաւ, հակառակ անոր որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր:
Նէյմար իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ 66-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը (1-1): Մրցումին հաշիւը 12-րդ վայրկեանին բացած էր Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Տաւիտ Վիյա:
Յիշատակելի եղաւ 21 տարեկան Նէյմարի նշանակած կոլը, մանաւանդ որ անիկա կատարուեցաւ անոր դաշտ ներկայանալէն քանի մը վայրկեան ետք եւ Պարսելոնայի հետ առաջին իսկ պաշտօնական մրցումին:
Քալտերոնի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 50 հազար հանդիսատես:
CATEGORIES Մարզական


