Լիբանան Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Մօտ. Իսրայէլ Ռմբակոծեց Նաամէի Պաղեստինեան Մէկ Կեդրոնը
Հակազդելով հինգշաբթի երեկոյեան գրաւեալ Պաղեստինի դէմ արձակուած հրթիռներուն, Իսրայէլ երէկ կանուխ առաւօտուն ռմբակոծեց Նաամէի Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութեան մէկ կեդրոնը:
Ճակատի բանբեր Ռամեզ Մուստաֆա դատապարտեց արարքը` յիշեցնելով, որ հրթիռարձակումի պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր «Ապտալլա Ազզամի Փաղանգներ»-ու «Զիատ Ժարրահ» միաւորը:
Այս գծով նախագահ Միշել Սլէյման արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց Իսրայէլի դէմ բողոք ներկայացնել ՄԱԿ-ի մօտ:
CATEGORIES Լիբանանեան

