Հաղորդագրութիւն
Թրիփոլին հարուածած երկու պայթումներէն անմիջապէս ետք, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այն արարքը, որ հարուածեց Թրիփոլին` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ: Նմանապէս, կը դատապարտենք սրբավայրերն ու աղօթատեղիները թիրախ դարձնելու երեւոյթը: Այս արարքին նպատակն է իրարանցում եւ միջլիբանանեան երկպառակութիւն սերմանել ու հարուածել երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Բոլորին կոչ կ՛ուղղենք իմաստութեան ու ազգային գիտակցութեամբ զինուելու եւ վեր բարձրանալու այս հարցերէն` խուսափելու համար Լիբանանին դէմ լարուած ծուղակէն եւ խափանարար ծրագիրին մէջ մխրճուելէ:
Արդարեւ, Թրիփոլին թիրախ դարձնող հարուածը թիրախ ունի նաեւ Լիբանանը. արդ, կը շեշտենք երկխօսութեան վերադարձի կարեւորութիւնն ու շարքերու միասնականութիւնը` ետ մղելու համար երկիրը դէպի անծանօթ անորոշութիւն մխրճող փորձերը: Կը հաստատենք գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկիրը ապահով հունի հասցնելու եւ կոչ կ՛ուղղենք ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն` քողազերծելու յանցագործները եւ պատժելու զանոնք:
Նմանապէս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերու ընտանեկան պարագաներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ,
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

