Սուարես Մանչեսթըր Սիթիէն Տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա
Մանչեսթըր Սիթիի 19 տարեկան միջնապահ Տենիս Սուարես իր ակումբը լքելով միացաւ Պարսելոնայի, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Չորս տարուան պայմանագիր մը կնքած Սուարեսի փոխանցումը թէեւ արժեց 1,8 միլիոն եւրօ, սակայն յառաջիկային Պարսելոնա յաւելեալ 8 միլիոն եւրոյի գումար մը պիտի վճարէ Սիթիի:
Ըստ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, եթէ յառաջիկային Սուարես այլ կազմի մը փոխանցուի, Սիթի պիտի ստանայ անոր փոխանցման գումարին 20 առ հարիւրը:
CATEGORIES Մարզական

