Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Յաղթեց Ուիլպերֆորս Շիհեպոյի
Նախորդ շաբաթավերջին գերմանական Շուերին քաղաքին մէջ, Գերմանիոյ դրօշակին տակ հանդէս եկող արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ ճակատեցաւ 30 տարեկան նամիպիացի Ուիլպերֆորս Շեհիպոյի դէմ:
Վարկանիշային այս մենամարտին կռփամարտիկները ճակատեցան 12 ռաունտ, որոնց աւարտին յաղթական դուրս եկաւ Աբրահամ, որ ծնած է Երեւանի մէջ 20 փետրուար 1980-ին: Իրաւարարները բացայայտ առաւելութիւնը տուին հայ կռփամարտիկին` 116-113, 116-112 եւ 117-111:
Նշենք, որ այս յաղթանակէն ետք Աբրահամ իրաւունք ստացաւ մենամարտելու WBO-ի դասակարգի աշխարհի ախոյեան Ռոպերթ Շթիքլիցի դէմ:
CATEGORIES Մարզական