«Սայքս-Փիքօ III», «Սեւր II», «Լոզան II». Միջին Արեւելքի Ու Կովկասի Նոր Քարտէ՞ս. Նոր Մարտահրաւէրներ` Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմաց…
ՏՈՔԹ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ա.- Մուտք
Շատ հաւանաբար ընթերցողը որոշ զարմանք ու շուարում պիտի զգայ կարդալով մեր յօդուածին խորագիրը: Խնդիրը այն է, որ սոյն յօդուածով արծարծուող պատմաքաղաքական հարցերը ծայր աստիճան խրթին են ու անոնց վերլուծական պարզացումը հատորներու կը կարօտի: Չունենալով նման լայնածաւալ բեմ` պիտի փորձենք այս խիտ տողերով կատարել որոշ ընդգծումներ: Հետեւաբար, եթէ որոշ պարագաներու մանրազնին վերլուծման կարօտող հարցերը ներկայացնենք քանի մը նախադասութեամբ, այդ պարագային կ’ապաւինինք հարցերուն տեղեակ ընթերցողին` անոնց նկատմամբ որոշ ծանօթութեան:
Այս յօդուածը պատմաքաղաքական տարբեր մօտեցումով պիտի դիտէ ու մեկնաբանէ Միջին Արեւելքի ու կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր տեղի ունեցած խլրտումները: Արաբական աշխարհի մէջ 2010-ի վերջաւորութեան սկսած անկայուն իրավիճակը, որուն համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու մամուլը տուին «Արաբական գարուն» տխրահռչակ յորջորջումը, խաբուսիկ է ու հարցի վերլուծական պարզաբանման չի ծառայեր (1): Ստեղծուած իրարանցումը ճիշդ գնահատելու համար հարկ է զայն դիտել Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ու անոր աւարտին Օսմանեան կայսրութիւնը տարանջատելու պատմական հոլովոյթի պրիսմակէն ու, հետեւաբար, յանգելու համար մեր կարծիքով այն եզրակացութեան, որ ներկայ իրադարձութիւնները Արեւմուտքին կողմէ այդ օրերու (1914-1918) միտումնաւոր ու խարդախ տարանջատման վարքագիծի շարունակութիւնն է:
Պէտք է նաեւ ընդգծենք, որ թէ՛ միջինարեւելեան եւ թէ կովկասեան տարածաշրջաններու խիստ անկայուն իրավիճակը այս կամ այն ձեւով շեշտակի վտանգի կ’ենթարկէ հոն ապրող հայութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ հայ քաղաքական միտքն ու պետական թէ կուսակցական շրջանակները այս հարցերու նկատմամբ սթափ ու խոր քննարկումներ կատարեն ու (կարելիութեան սահմաններուն մէջ ու թերեւս անոնցմէ անդին եւս) վնասներէ խուսափելու ուղիներ որոնեն եւ կամ պատրաստ ըլլան նոյնքան աննախատեսելի ու հաւանաբար մեզի համար դրական հնարաւորութիւններու:
Նախ ընդգծենք, որ Եւրոպան 18-րդէն մինչեւ 20-րդ դարերու կէսը հիմնական նպատակ դրած էր Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր մաս կազմող Միջին Արեւելքի արաբական շրջաններու բնական հարստութիւններուն տիրանալով` հարստահարել «ազգ պետութիւն» դիմակին տակ գործող իր գաղութատիրական երկիր միաւորները: Այլ խօսքով, Եւրոպան երբեք հարստութիւն կերտած չէ իր սեփական պայմաններով: Իրականութեան մէջ Եւրոպայի հարստութիւնը կուտակուած էր հետեւեալ ձեւով. ճարտարարուեստական յեղափոխութեամբ ապրանքներ մեծ քանակով արտադրել ու արտածել` դուրսէն բերուած աժան հում նիւթերով, ապա այդ նոյն ապրանքները սուղ գինով վաճառել ենթակայ ժողովուրդներուն: Սա ինքնին գաղութատիրութեան ամենապարզ բացատրութիւնը կարելի սեպել (2):
Սակայն, ինչպէս կ’երեւի, այս «ներածուած» հարստութիւնը, որուն եկամուտներու կուտակումը շարունակուեցաւ մօտ երեք դար ու մէկ կողմէ աղքատութեան ճիրաններուն յանձնեց հարստահարուող ժողովուրդները ու միւս կողմէ` բարօր կեանք շնորհեց Արեւմուտքին, զոհը գնաց նոյնինքն Արեւմուտքի դրամատիրական համակարգի անբաժան մասնիկը եղող դրամատնային-ելեւմտական մարզի շռայլ ու անհաշիւ քայլերուն: Ասոր ամենացայտուն ապացոյցը հանդիսացաւ 2008-ի արեւմտեան դրամատիրական կարգերու համատարած տագնապը, որ ցնցեց համաշխարհային տնտեսութեան հիմքերը:
Հետեւաբար, երբ Եւրոպայի հիմնական դերակատար երկիրներն ու 20-րդ դարու կէսերուն անոնց միացած Միացեալ Նահանգները, մսխած ըլլալով այլ ժողովուրդներուն պատկանող իրենց յափշտակած հարստութիւնը, հասած էին սնանկութեան եզրին ու տնտեսական խոր տագնապի մը առկայութիւնը կը վտանգէր անոնց բարօր գոյութիւնը, ժամանակը հասունցած նկատեցին ծաւալողական նոր ծրագրով մը վերստին լեցնելու իրենց դատարկուած արկղները:
Այս մշտանորոգ ծրագրի ամենադիւրին թիրախը նոյնինքն Միջին Արեւելքն էր, որ ըստ Արեւմուտքի զարգացուցած ճիւաղային նոր ծրագիրներուն, պէտք էր անգամ մը եւս ահաւոր խլրտումներու ենթարկուէր, որպէսզի արեւմտեան «բռնագրաւման» նոր ծրագիրը հեզասահ կերպով ի գործ դրուէր… Ու այսպիսով պայթեցաւ «Արաբական գարուն»-ը…
Այս ծիրէն ներս, եթէ պատմաքաղաքական վերլուծութեամբ վերը նշուած Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման «խաղ»-ն առաջին օղակը նկատի ունենանք 1916-ին համաձայնուած ու Անգլիոյ (Մարք Սայքս), Ֆրանսայի (Ֆրանսուա Ժորժ Փիքօ), Ռուսիոյ (Սազանով) նաեւ Իտալիոյ (տեսնել քարտէսը) միջեւ գաղտնի կնքուած «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագիրը (3), ապա այժմ կրնանք խօսիլ այդ համաձայնագրի ապագայ զարգացումներու մասին, որոնք մեր վերը նշած ծաւալապաշտական վարքագիծին նոր օղակները կը կազմեն…
Եւ վերջապէս, այս բոլորին ետին կայ նաեւ հայութեան վերաբերող բաժինը, զոր չենք կրնար անտեսել: Իրականութեան մէջ, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այս նոր յառաջացած Միջին Արեւելքի մէջ ծուարած իր մնացորդացով հայութեան այս հատուածը պիտի կրէր վերը նշուած բոլոր ազդեցութեանց հետեւանքները: Տասնամեակներու ընթացքին արիւն-քրտինքով կերտուած ու բաւականին զարգացած հայկական գաղութներ այսօր գրեթէ ոչ եւս են իբրեւ կազմակերպ կառոյցներ, կամ ալ ուրուականներու վերածուած (Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան)` արտագաղթի պատճառով: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւս իր աւերիչ հետեւանքները ունեցաւ տեղւոյն հայկական գաղութի պարագային: Այսօր սուրիական տագնապը կը սպառնայ Միջին Արեւելքի երբեմնի մայր գաղութի տկարացման ու հիմնական ազդեցութիւն ունի Լիբանանի հայ գաղութի ապագային վրայ: Չոր իրականութիւնը այն է, որ այսօր Ցեղասպանութենէն ազատած հայ բեկորներու Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւնը կը մնայ վտանգուած…
Բ.- 1916.- «Սայքս–Փիքօ I»-ի
Խնդրայարոյց Իրավիճակը…
Երբ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները 1916-ին ստորագրեցին Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման վերաբերող «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագիրը ու անոր կցեցին համապատասխանող ոչ մասնագիտական քարտէսը (տեսնել նկարը), յայտնի էր, որ այդ կատարուած էր հապճեպով ու չէր արտացոլացներ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ու մանաւանդ ժողովրդագրական տուեալները (Սայքս եւ Փիքօ հետաքրքրուած չէին բնիկ ժողովուրդներու ձգտումներով): Թէեւ վարը աւելի մանրամասն պիտի խօսինք քիւրտերու հարցին մասին, հոս նշենք միայն, որ այս համաձայնագրով յառաջացած մեծագոյն «կաֆը» այն էր, որ Քիւրտիստանի մը կազմութեան փոխարէն` այդ ժողովուրդը պիտի բաժնէին ստեղծուելիք չորս երկիրներու միջեւ: Նպատակը դարձեալ շրջանը «Բաժնէ, որ տիրես»-ի կացութեան մէջ ձգելն էր…
Ոչ բծախնդիր կերպով պատրաստուած քարտէսը սահմաններ ճշդած էր անապատներու մէջ, ուր գրեթէ անկարելի էր բնական սահմաններ ճշդելը: Տակաւի՛ն, խորամանկօրէն պատրաստուած քարտէսը տարածաշրջանը բաժնած էր այնպիսի շրջաններու ու այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլար նորաստեղծ երկիրները երկար ատեն իրենց «մանտաթային» տիրապետութեան տակ պահել ու անոնց բնական հարստութիւնները շահագործել: Մէկ խօսքով` կողոպտել:
Առնենք, օրինակի համար, Մեծն Լիբանանի կազմութիւնը, որ իրականութիւն դարձաւ 1920-ին: Աշխարհագրական այս շրջանը նախապէս պատմականօրէն կը ներկայացուէր Լեռնալիբանանով, որ մարոնի-տիւրզի հակամարտութեան թատերաբեմ էր 1860-ականներէն սկսեալ: 1864-ին ստեղծուած Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութիւնը ժամանակաւորապէս լուծում բերաւ մարոնի-տիւրզի հակամարտութեան եւ նուիրականացուց Անգլիոյ ու Ֆրանսայի միջամտութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ներքին հարցերուն… 1920-ին Ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւններուն պնդումով ստեղծուած Մեծն Լիբանանը, որ իբր թէ պիտի հանդիսանար քրիստոնեաներու տիրապետութիւնը խորհրդանշող երկիր մը, իրականութեան մէջ խնդրայարոյց եւ «ականապատուած» կառոյց մըն էր, որ չէր կրնար էապէս անկախ ու ներքնապէս բարօր երկիր մը ըլլալ: Նոյնիսկ 1920-ին հոն գոյութիւն ունեցող քրիստոնեայ բնակչութիւնը իր մեծամասնութեան հանգամանքը (51 առ հարիւր) կը պարտէր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով նոր տարածքին վրայ հաստատուած 25,000 հայ գաղթականներուն: Ընթերցողը գիտէ, որ Լիբանանը իր կազմութենէն ցայսօր կը մնայ խնդրայարոյց եւ տագնապալի երկիր…
Ֆրանսական հոգատարութեան ենթակայ երկրորդ տարածաշրջանը Սուրիան էր: Հոս եւս կը բնակէին զանազան ժողովուրդներ ու կրօնական համայնքներ (սիւննի, ալեւի կամ նուսէյրի, տիւրզի, քրիստոնեայ, եւ այլն): Այս մանտաթային պետութիւնը եւս ձեւաչափուած էր զայն հակակշիռի տակ պահելու հեռանկարով` ի շահ մանտաթային իշխանութեան (այս պարագային` Ֆրանսայի): Տակաւի՛ն, պէտք չէ մոռնալ, որ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները Սանճաքի նահանգը (Իսկենտերուն, Հաթայ) Սուրիոյ մէջ պահելով` կը սնուցանէին ապագայ «Ալեւիստան» մը կազմելու հեռաւոր հաւանական ծրագիր մը (ի՞նչ կ’ըլլայ, ի՛նչ չ’ըլլար…) եւ հարցը ա՛լ աւելի հրահրեցին, երբ 1930-ականներու վերջերուն այդ նահանգը նուիրեցին Թուրքիոյ…
Միւս կողմէ, հետաքրքրական էր Իրաքի մը կազմութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ հոգատարութեան ներքեւ` միացնելով երեք հակոտնեայ միաւորներ` քիւրտ, սիւննի եւ շիի մեծամասնութիւն մը, ուր երկուքը ենթակայ պիտի մնային փոքրամասնութիւն եղող սիւննի ղեկավարութեան ներքեւ գտնուող իշխանութեան մը: Դարձեալ հետապնդուած նպատակը նորակազմ երկիրը Բրիտանիոյ հակակշռին տակ պահելն էր… Տակաւի՛ն, Մուսուլի շրջանը առնելով Իրաքի կազմէն ներս` Սայքս-Փիքօ ապագայ Թուրքիան զրկեցին քարիւղով հարուստ շրջանէ մը ու ստեղծեցին Թուրքիոյ կողմէ Մուսուլի վրայ «աչք տնկելու» ապագայ կացութիւն մը, որ մինչեւ օրս հաշուի կ’առնուի Անգարայի հաշիւներուն մէջ:
Տակաւին շարք մը այլ օրինակներ եւս կրնանք տալ: «Շինծու» Յորդանանն ու անոր` մեծամասնութեամբ պաղեստինցի հատուածը, Սէուտական Արաբիան ու անոր շիի փոքրամասնութիւնը, Պահրէյնն ու անոր շիի մեծամասնութիւնը սիւննի լուծին ենթարկելը, Եգիպտոսն ու անոր ղպտի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը (այսօր 15-17 միլիոն գնահատուող): Տակաւի՛ն, կը մնայ առնուազն 30 միլիոն գնահատուող ու տարածաշրջանի չորրորդ մեծագոյն թուաքանակը ներկայացնող քիւրտ ժողովուրդը անհայրենիք ձգելն ու զայն չորս երկիրներու միջեւ բաժնելը: Սա ինքնին տարածաշրջանը ահաւոր բռնկումի եզրին կը պահէ:
Այսպէս, օրէ օր աւելի ու աւելի յստակ կը դառնայ, որ իր շահերուն համար այլ ժողովուրդներ քաւութեան նոխազ դարձնելու հակամէտ Արեւմուտքը նոյնիսկ կաթիլ մը արցունք թափելու տրամադիր չէ նոր բռնկումին պահը յետաձգելու համար…
Այս բոլորին միտք բանին այն է, որ Եւրոպայի նշեալ ուժերը իրենց գերիշխանութեան ընթացքին ու շրջանը ձգելէն ետքն իսկ կարողացան արաբներու սիւննի-շիի լարին վրայ խաղալով ու քրտական հարցի լուծումը ձգձգելով` ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որ շրջանը մշտական բռնկումներու սպառնալիքին տակ պահէ: Սակայն, ինչպէս քիչ մը վարը «Սայքս-Փիքօ II» ենթախորագրին տակ պիտի անդրադառնանք, խորամանկ եւ հեռահար քաղաքականութիւն վարող Արեւմուտքը շրջանը անկայուն պահելու համար այլ «զէնք» մը եւս ունի…
Յստակ էր, որ կատարուածը այլ բան չէր, եթէ ոչ` շինծու երկիրներ կամ այսպէս կոչուած արաբ ցեղախմբային հոգեբանութեամբ առաջնորդուող ժողովուրդէն «ազգ-պետութիւններ» կազմելը, որուն հիմնական նպատակն էր ապագայ խլրտումներով յագեցած միաւորներ յառաջացնել, լարուած ռումբի նման` ի շահ մանտաթային ուժերուն կողմէ շրջանի բնական հարստութեանց տիրացումին:
Այս խաղին առաջին հանգրուանը իբր թէ իր աւարտին հասաւ 1940-1960 տարիներուն, երբ մանտաթային ուժերը «անկախութիւն» շնորհեցին իրենց նախկին ենթականերուն` միաժամանակ զանոնք պահելով իրենց հակակշռին տակ, անոնց մէջ ցանած ըլլալով ազգային ու կրօնական-յարանուանական զանազան խնդիրներ: Եւրոպական ուժերը քաջածանօթ էին, որ այս նոր պետութիւնները զարգանալու կարելիութենէ զուրկ միաւորներ էին: Այս հակակշիռը կը շարունակուի մինչեւ օրս, ու տակաւին չենք գիտեր, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի շարունակուի…
14 օգոստոս, 2013
Լոս Անճելըս
——————-
Ծանօթագրութիւններ
(1) Իրականութեան մէջ «Արաբական գարուն»-ի սերմերը պէտք է փնտռել Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ 1991-ին Իրաքի կողմէ Քուէյթի վրայ յարձակման ու գրաւման պատճառով Իրաքի վրայ կատարուած առաջին բազմապետական յարձակումին մէջ: Այս դէպքը ազդանշանը պէտք էր հանդիսանար գալիք ողբերգութիւններուն… Այդ մէկը օրին ծածուկ կը մնար արաբական քաղաքական մտքին համար, որ չէր իսկ կրնար գուշակել իր հանդէպ կազմակերպուած նոր խաղին ապագայ փուլերը:
(2) Այս յօդուածի ծիրէն դուրս են աշխարհի այլ վայրերու մէջ, ինչպէս, օրինակ, Ափրիկէի, Միջին ու Հարաւային Ամերիկաներու եւ Միջին ու Ծայրագոյն Ասիոյ մէջ իրագործուած նոյն գաղութատիրական զաւթումները, որոնց մասին տեղեակ ընթերցողը արդէն իսկ որոշ պատկերացում ունի:
(3) Սայքս-Փիքօ համաձայնագրի մասին հակիրճ տեղեկութեան համար տեսնել http://en.wikipedia.org/wiki/Sykes%E2%80%93Picot_Agreement կայքէջը ու տրամադրուած քարտէսը: Այս գաղտնի համաձայնագիրը բացայայտուեցաւ պատերազմի աւարտէն իսկ առաջ (1917-ի վերջերուն), նոյնինքն ցարական Ռուսիոյ վարչակարգը տապալող համայնավարներուն կողմէ, երբ արաբները տակաւին դաշնակից Անգլիոյ ու Ֆրանսայի կողքին կը պայքարէին Օսմանեան կայսրութենէն իրենց անկախութիւնը խլելու համար… Թէ սոյն յօդուածին տրամաբանութեամբ ինչպէ՞ս կը բնորոշուին «Սայքս-Փիքօ II»-ն «Սայքս-Փիքօ III»-ը` կարդալ յօդուածին շարունակութիւնը:
Սայքս-Փիքօ համաձայնագրի նախնական քարտէսը. հետաքրքրականը այն է, որ այս քարտէսին մէջ չենք տեսներ ապագային յառաջանալիք երկիրներ: Կան պարզապէս միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջանները յաղթական դաշնակիցներու հոգատարութեան ենթարկելու նախադրեալները…