Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման յիշատակին առիթով, յառաջիկայ շաբաթ օր տեղի ունենալիք յիշատակի հաւաքին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: Կը նախատեսուի, որ ճառը բովանդակէ Պըրրիի կողմէ նախաձեռնութիւն մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ու Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումները դրոշմուած են շրջանային գաղտնի սպասարկութիւններուն մատնահետքերով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը եւ վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան սեղան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է մշակեն իրենց պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրեն ազգային ինքնորոշման իրենց իրաւունքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Թրիփոլիի պայթումին առումով Հըզպալլայի մատնահետքերը յստակ են:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանան աւելի վատ օրերու դիմաց պիտի գտնուի, եթէ Հըզպալլա վերջ չտայ Սուրիոյ տագնապին իր միջամտութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յոյս յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը գործակցին ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը հանգստացնել իր դիմագրաւած սուր լարուածութենէն: Մուխայպեր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան կոչը եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչածութիւնը փրկութեան առումով ճամբու քարտէս մը կը ներկայացնեն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը կը ջնջէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու կարելիութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի Թրիփոլիի ընդհանուր համադրող, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կատարուած բողոքի քայլարշաւի մը ընթացքին ինք խոշտանգումի չէ ենթարկուած` աւելցնելով, որ պատահածը պարզապէս բանավէճ մըն էր:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թրիփոլիի բնակարանին դիմաց ականուած ինքնաշարժի մը գոյութեան մասին կասկածներ շրջանառութեան մէջ դրուած են, սակայն ստուգումներ կատարելէ ետք ի յայտ եկած է, որ հոն ականներ կամ ականուած ինքնաշարժներ չկան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի երեսփոխաններ յոյս յայտնած են, որ նախագահ Սլէյման շարունակէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու մասին իր կեցուածքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Նաամէի մէջ գտնուող Պաղեստինեան ժողովրդային ճակատի դիրքերը Լիբանանի համար սպառնական խարիսխներ կը նկատուին, որովհետեւ այդ կեդրոնները ռազմավարական նպատակներ կը հետապնդեն:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, նախագահական պալատը ստացած է ապահովական այնպիսի տեղեկագիրներ, որոնց համաձայն, Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ողբերգական զարգացումներ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներ կուսակցութիւնը դատապարտեց Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումները` շեշտելով, որ պաղեստինեան գաղթակայանները վերածուած են զէնքի պահեստանոցի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի ակներեւ պատասխանատուէ մը, կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիա երբեք պիտի չգործակցի Հըզպալլայի ներկայացուցիչ պարփակող կառավարութեան մը հետ:

ՍԱԱՏՆԱՅԷԼԻ մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգման դէմ պայքարող յատուկ ուժերը գրաւեցին փոխադրակառք մը, որ կը պարունակէր մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար «Քեփթակոն» թմրեցուցիչ դեղահատ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարելի չէ Հըզպալլայի հետ նոյն կառավարութեան մէջ ըլլալ, ինչպէս նաեւ յարմար չէ, որ Հըզպալլա ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցի, «որովհետեւ անոր գոյութիւնը պետութեան հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի»:

Share this Article
CATEGORIES